Թուրքիոյ հայազգի քաղաքացիներու հոգեկան աշխարհը ամէն օր փոթորկուելու, ամէն օր յուզուելու վտանգը կը դիմագրաւէ: Վտանգը, որովհետեւ հոգեկան վիճակէն անդին, մարդիկ կը դիմագրաւեն ծայրայեղական տրամադրութիւններով ապրող հաւանական հարեւան-դրացիներու գրգռութեան թիրախ դառնալու սպառնալիքը: Թրքական մամուլը կը հրապարակէ նիւթեր, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը հրահրեն ազգայնական անձերու կամ խմբաւորումներու կիրքերը, որոնց զոհը կրնայ դառնալ մտաւորական կամ շարքային հայը:
Ահա ձեզի պատմութիւն մը Թուրքիոյ Անթալիոյ շրջանէն: Այստեղ «Աքսու» նախակրթարանի ուսուցչուհի մը, Սէվիլ Իւնլիւ, գանգատած է, որ դպրոցին տնօրէնը՝ Մէհմէտ Գարագաշ, սեռային անհանգստութիւն պատճառած է իրեն: Այս պնդումէն ետք, տնօրէնը ի՛նք դիմած է Կրթական նախարարութիւն ու պահանջած է, որ այդ պնդումներու հիման վրայ քննութիւն կատարուի, որպէսզի կարենայ ապացուցել իր անմեղութիւնը:
Կատարուած քննութեան եզրակացութեամբ, տնօրէնը անմեղ գտնուած է: Սակայն քննութեան ընթացքին ցուցաբերուած վարքագիծը ընդվզում յառաջացուցած է թրքական մամուլին մօտ: Արդարեւ, քննիչները, վկայ ուսուցիչներուն տուած են հետեւեալ հարցումները. Կը պնդուի, որ տնօրէն Գարագաշ Աստուծոյ չի հաւատար, հայ է, յարգանք չունի թրքական դրօշակին նկատմամբ, կէսօրուան ճաշերու ընթացքին իր թանին մէջ օղի կը դնէ ու կը խմէ գաղտնաբար, եւ սեռային անհանգստութիւն պատճառած է ուսուցչուհի Սէվիլին: Այս մասին գրեցէք այն, ինչ որ գիտէք:
«Մարմարա», տեղեկագրելով այս լուրը՝ վերջաւորութեան կ’արձանագրէ. «Քննիչները այս հինգ հարցումներով կարծես վախցնել ուզած են այն ուսուցիչները, որոնք իրենց նման չեն մտածեր»:
Հոկտեմբեր տասին «Մարմարա» լոյս ընծայած էր այս տեղեկագրութիւնը: Յաջորդ օրը յստակացում հրապարակուած է այն մասին, թէ քննիչները չեն, որոնք այդ հարցումները ուղղած են ուսուցիչ-վկաներուն, այլ ամբաստանեալ տնօրէնը ի՛նք խնդրած է, որ այդ յատուկ հարցումները ուղղուին ուսուցիչներուն, որովհետեւ ի՛նք իբրեւ այդպիսին կ’ամբաստանուի:
Պէտք է հանգստանանք, որ կառավարութեան պաշտօնեաները չեն, որոնք նման անհեթեթ, ցեղապաշտ ու խտրական հարցադրումներ կը կատարեն իրենց համաքաղաքացիին, այլ՝… Տնօրէնը շրջապատող մարդիկ, այսինքն՝ ուսուցիչներ, կրթողներ, սերունդ պատրաստողներ:
Հարցը պարզուած է եւ սուտ ամբաստանութիւն կատարող ուսուցչուհին փոխադրուած է ուրիշ դպրոց: Բայց, կարելի չէ լեղի համը մոռնալ, որովհետեւ, ինչպէս «Մարմարա» կը գրէ, «Մեզի համար այստեղ կարեւորը այն է, որ մարդիկ, մէկու մը հասցէին որոշ ամբաստանութիւններ ընել եթէ ուզեն, ապա կը դիմեն նաեւ «ան հայ է» մեղադրանքին, կարծես թէ հայ ըլլալը այս երկրին մէջ յանցանք մըն է»:
Վաղը մէկ այլ պատմութիւն, ուր մարդասպան աւազակը հերոսի պսակով կը փառաբանուի: