«Օրանժ» մակնիշով հանդէս եկող «Ֆրանս Թելեքոմ» ընկերութիւնը ստացած է Հայաստանի մէջ հեռաձայնային շարժական կապի արտօնագիր՝ 15 տարուան ժամկէտով:
Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի բանբեր Մարիամ Ստեփանեան «Ա1 »ին հաղորդած է, թէ ընկերութիւնը եռամսեայ ժամկէտով պիտի աւարտէ ճարտարագիտական վերազինումը: Նոր ընկերութիւնը նաեւ խոստացած է 200 միլիոն եուրոյի ներդրում կատարել եւ բջիջային բարձր որակի կապ ապահովել:
Հայաստանի բջիջային ծառայութիւններու դաշտը մուտք գործող երրորդ ընկերութեան ներկայացուած են որոշակի պայմաններ՝ առաւելագոյնս երկու տարուան ընթացքին «GSM» բացօթեայ ծածկոյթ ապահովել Երեւանի եւ 42 բնակավայրերու համար. առնուազն մէկական գրասենեակ, երեք տարուան «GSM» բացօթեայ ծածկոյթ ապահովել 200 գիւղերու, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Վրաստան եւ Հայաստան-Իրան միջպետական ճամբաներու համար: