ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-ինֆօ».- Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ ՄԱԿի մանկական հիմնադրամի համատեղ նախաձեռնութեամբ, ներկայիս կը գործէ «Մանկական հիւանդութիւններու Համաձուլուած Վարում» ծրագիրը, որ կը վերաբերի մինչեւ 5 տարեկան երեխաներու հիւանդութիւններուն, հաշմանդամութեան եւ մահացութեան նուազեցման:
Հայ օգնութեան միութեան «Չաւախք» հիմնադրամի ջանքերով, ծրագիրը այսօր հասու է նաեւ Ախալքալաքի բժիշկներուն, որոնք իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն Նոյեմբեր 11ին սկսած դասընթացքներուն:
Ծրագրի ղեկավար բժշկուհի Սոնիա Առուշանեանի խօսքերով, «Մեծ է հետաքրքրութիւնը ծրագրի նկատմամբ… Մթնոլորտն անկաշկանդ է, ու ներկաներն էլ մեծ ուշադրութեամբ եւ ակտիւ (ներգործող-Խմբ.) քննարկումներով են հանդէս գալիս: Այն, ինչ անհրաժեշտ է դասընթացներն արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար», աւելցնելով, թէ 15 բժիշկներու վարած դասընթացքներուն հիմնական նպատակն է բնակիչները ծանօթացնել տուեալ հիւանդութիւններու ճիշդ բուժման եղանակներուն, երեխաներու խնամքին, սնուցման կազմակերպման, ինչպէս նաեւ պատուաստումներու ճիշդ իրականացման:
«Չաւախք» յանձնախումբի նախագահ Բագրատ Սարգսեան կը տեղեկացնէ, թէ տարիներու ընթացքին, կազմակերպութիւնը բազմաթիւ նմանօրինակ ծրագիրներ իրագործած է եւ ուղղակի «Չաւախք» հիմնադրամի ջանքերով է, որ այսօր Ախալքալաքի հիւանդանոցը ունի ախտորոշիչ կեդրոն, շրջաններու մէջ 16 շտապօգնութեան կէտեր, որոնք ապահովուած են թէ անհրաժեշտ կահաւորումով եւ թէ սարքաւորումներով: