Յառաջիկայ չորս օրերուն ընթացքին պիտի փորձենք այս սիւնակէն ներկայացնել Քալիֆորնիա նահանգի քաղաքացիներուն առաջարկուած նահանգային տասներկու օրինագիծերը՝ իբրեւ ճիգ մը՝ օգտակար ըլլալու, ըստ կարելւոյն, ճիշդ կողմնորոշուելու ու ճիշդ քուէարկելու, անշուշտ, ճիշտը այս պարագային՝ սեփական խղճի ու սկզբունքներու հիման վրայ:
Այսօր կը ներկայացնենք ընտրական թերթիկներու վրայ թիւ մէկ, երկու եւ երեք առաջարկութիւններ անունը կրող նախագիծերը:
Թիւ մէկ առաջարկութիւնը կը կոչուի «Ապահով, վստահելի արագաշարժ, մարդատար երկաթուղագծի պարտամուրհակներու օրինագիծ», որ եթէ վաւերացուի քուէարկողներու կողմէ, Քալիֆորնիոյ նահանգին իրաւունք կու տայ 9 միլիառ տոլարի համարժէք նահանգային պարտամուրհակներ հրապարակ հանել եւ անոնց վաճառքէն գոյացած գումարը յատկացնել Լոս Անճելըսը Սան Ֆրանսիսքոյին միացնող արագաշարժ երկաթուղին կառուցելու գործին:
Առաջարկութեան կողմնակիցները կ’առարակեն, որ այս ծրագիրը պիտի թեթեւցնէ Քալիֆորնիոյ կախեալութիւնը արտասահմանէն ներածուած քարիւղէն. ծրագիրը նաեւ թունաւոր կացային արտանետումներու ծաւալը նկատելիօրէն պիտի պակսեցնէ, աշխատանք պիտի ստեղծէ շինարարութեան եւ օգտագործման փուլերուն, միջքաղաքային մայրուղիներու վրայ խցանումները պիտի թեթեւցնէ, աշխատողներու համար ժամանակ եւ միջոցներ պիտի խնայէ՝ տնտեսութեան մէջ յաւելեալ ներդրումներ ապահովելով:
Ընդդիմադիրները կ’առարկեն, որ նահանգը արդէն պիւտճէական հսկայական բաց ունի, ու այս օրինագիծը աւելի պիտի ծանրացնէ այդ բացի ստեղծած վիճակը, եւ որ կան աւելի լաւ ու ընկերային տեսակէտէն նախապատուութիւն ունեցող ծրագիրներ, որոնց համար կ’արժէ ծախսել այդ գումարները, եւ որ քաղաքական վարչարարութիւնը մսխումի նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ ինք իրեն համար այսպիսի մեծածախս ու դժուար իրականանալիք ծրագիր մէջտեղ նետելով:
Ես, անձնապէս, հակուած եմ դրական քուէարկել այս օրինագիծին թէ՛ կլիմայական եւ թէ՛ տնտեսական նկատառումներով:
Թիւ երկու առաջարկութիւնը կը կոչուի «Ագարակային անասուններու արգելափակման չափորոշիչներու ճշդման օրինագիծ»:
Ըստ այս օրինագծին, հորթուկները, ածան հաւերն ու յղի խոզերը պէտք է կարենան իրենց արգելոցին մէջ ազատ դառնալ, թեւերը երկարել, կանգնելու կամ պառկելու տեղ ունենալ:
Բացի անասուններու հանդէպ անգութ վերաբերմունքը արգիլելէ, օրինագիծի պաշտպանները կը պնդեն, որ անոր միջոցաւ սնունդի ախտավարակ հիւանդութիւնները կը պակսին եւ փոքր ագարակապաններու շահերը կը պաշտպանուին:
Ընդդիմադիրներու գլխաւոր առարկութիւնը այն է, որ մանաւանդ ածան հաւերու պարագային, անոնց պահպանումը պիտի թանկացնէ հաւկիթի գինը եւ պիտի հրապուրիչ դարձնէ Մեքսիքոյէն հաւկիթի ներածումը՝ տնտեսապէս վնաս պատճառելով նահանգին եւ աւելի բարձրացնելով ախտավարակ հիւանդութեանց վտանգը:
Իմ քուէս պիտի երթայ ի նպաստ այս առաջարկութեան:
Երրորդ առաջարկութիւնը կը կոչուի «Մանկական հիւանդանոցներու պարտամուրհակներու օրինագիծ», որուն վաւերացման պարագային, 980 միլիոն տոլարի նահանգային պարտամուրհակներ պիտի վաճառուին եւ այդ գումարը պիտի յատկացուի մանկական հիւանդանոցներու վերանորոգման, ընդարձակման եւ կահաւորման նպատակներու:
Մանուկները մեր ամէնէն թանկագին հարստութիւնն են: Անոնց առողջութեան համար ամէն ծախս, եթէ նպատակաուղուած է՝ արդարացի է. չի կրնար չըլլալ:
Ես կողմ պիտի քուէարկեմ այս առաջարկութեան: