ՍԻՍԻԱՆ.- Սիսիանի քաղաքապետական ընտրութիւնները նոր փուլ կը մտնեն՝ պայքարի աւելի թէժ մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Արդարեւ, Վարչական դատարանին կողմէ Աղասի Յակոբջանեանի ընտրութիւնը չեղեալ յայտարարուելէ ետք, ուժերու վերադասաւորում կատարուած է՝ դաշնակցական թեկնածու Տիգրան Պօղոսեանին դէմ միաւորելով Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանը (Լիսքան), Սիսիանի նախկին քաղաքապետ Լաուրենթ Սարգսեանը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը (որուն թեկնածուն է Յակոբջանեանը) եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը:
Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 2ին:
Նշենք, որ գրեթէ նոյնանման դաշինք մը կազմուած էր Կապանի մէջ, դարձեալ դաշնակցական թեկնածուին դէմ: Կապանի մէջ յաղթանակ տարաւ դաշնակցական թեկնածու Արթուր Աթայեանը: