Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քայլի դրդապատճառին մասին ակնարկ մը ըրինք՝ տալով հաւանական մեկնաբանութիւններէն մէկը, ըստ որուն, «Տէր Պետրոսեանի այս քայլը… ճարպիկ մարտավարութիւն (մըն է), որ կը մեկնի պարզ այն հաշուարկէն, թէ ընդդիմութիւնը թուլցած է, ինկած է անորոշութեանց ու տատամսումի գիրկը եւ ժամանակի պէտք ունի՝ ճշդելու համար իր գործողութիւններու ծրագիրը: (տես՝ «Ասպարէզ»ի Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբերի թիւը):
Կան անշուշտ այլ մեկնաբանութիւններ ալ, նոյնքան արդարացի, նոյնքան հիմնաւորուած, բոլորը հիմնուած Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անցեալին ցուցաբերած քաղաքական վարքագծի գնահատումներուն վրայ:
Այդ մեկնաբանութիւններէն է, օրինակ այն, որ Տէր Պետրոսեան իր այս քայլը կատարած է՝ ինք ենթարկուելով արեւմտեան ճնշումներուն, որոնց հետ համագործակցելու իր պատրաստակամութիւնը երբեք չէ թաքցուցած:
Ինչո՞ւ Արեւմուտքը պիտի պահանջէ Տէր Պետրոսեանէն դադրեցնել իր հակաիշխանական պայքարը, ինչո՞ւ պիտի ուզէ Հայաստանի ներքաղաքական լարուածութիւնը մեղմացնել եւ նախագահ Սարգսեանին տալ ընդդիմութեան արծարծած իր օրինականութեան հարցի խնդրականացումը լուծած ըլլալու պատրանքը կամ համոզումը:
Տէր Պետրոսեան ծանր գին կը վճարէ իր այս քայլով: Ան կը կորսնցնէ իր վարկն ու հեղինակութիւնը՝ իր շրջապատին մէջ, կը կորսնցնէ կրքոտ ու թունոտ զանգուածի մը վստահութիւնը եւ կրնայ անվերադարձ կորսնցնել ընդդիմութեան ղեկավարի իր դիրքը:
Փոխարէնը՝ ի՞նչ կը ստանայ:
Մութ գործարքներու առեւտուրը ինծի համար անհասկնալի է, որովհետեւ այդպիսի պարագաներու միայն դաւաճանութեան մասին կարելի է խօսիլ, բան մը, որմէ ամէն գնով խուսափելու գիտակից ճիգ կը թափեմ, իբրեւ հայկական քաղաքական իրականութեան մէջ ընդհանրապէս բացառելի վիճակ:
Տէր Պետրոսեան կրնայ ենթարկուած ըլլալ արեւմտեան ճնշումներուն, պարզապէս, որովհետեւ կը հաւատայ անոնց հետապնդած նպատակներուն՝ գաղափարապէս եւ քաղաքականօրէն: Ան միշտ կողմ եղած է Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ստեղծելու գաղափարին՝ մերժած ըլլալով ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ այդ յղացքէն բխած պահանջատիրական շարժումը՝ իր բոլոր դրսեւորումներով:
Արցախի հարցով ալ, Տէր Պետրոսեանի կեցուածքը առաւել քան յայտնի է. յանուն Հայաստանի տնտեսական բարգաւաճման, հողի ու այլ ոլորտներու մէջ զիջումներ ընելու իր պատրաստակամութիւնը տարբեր ձեւերով բազմիցս արտայայտուած է:
Ուրեմն ինչո՞ւ չնպաստել այն ուժերուն, որոնք այդ հարցերուն համար ընդունելի լուծումներ կ’առաջադրեն իրեն: Այդ իմաստով, այո, հասկնալի կ’ըլլայ այն մեկնաբանութիւնը, որ Տէր Պետրոսեան, ընդառաջելով արեւմտեան ցանկութիւններուն է որ որոշած է դադրեցնել ընդդիմադիր ճակատի հետագայի զանգուածային հաւաքները ու երթերը:
Այս եւ բոլոր մեկնաբանութիւններու կողքին, ես իմս կը կրկնեմ, որ «շարժումը» ուղղութեան եւ յատկապէս գործելակերպի ճշդման ճգնաժամ կը դիմագրաւէ, եւ ժամանակի կարիք ունի՝ իր հարցերը լուծելու: