«Հայ Ֆեսթ» միջազգային փառատօնի օրերուն, Հոկտեմբեր 8ին ներկայացուեցաւ հայազգի բեմադրիչ, դերասան Նորա Արմանիի պատրաստած «Պապա, դու խենթ ես» թատերգութիւնը, որ հայր ու որդիի միջեւ կայացած երկխօսութիւն մըն է:
Ներկայացման գլխաւոր դերը ստանձնած է ծնունդով լեհ, սակայն ներկայիս Քանատայի քաղաքացի Պարթոլոմիէ Սորժինսկին: