«Հայաստանը մի պետութիւն է առանց Սփիւռքի եւ բոլորովին այլ պետութիւն՝ Սփիւռքով»:
Հայաստանի նախագահին Սեպտեմբեր 24ի Նիւեորքեան ծանօթ ելոյթին եզրափակիչ պարբերութենէն մէջբերուած է խորագրով խտացուած նախադասութիւնը։
Ազգային գաղափարախօսութեան դիրքերէն մեկնող ոեւէ հայու համար լափալիսեան ճշմարտութիւն է, որ Հայաստանի պետութեան բնութագիրը, նշանակութիւնը եւ կշիռը իրապէս ալ հիմնովին կը փոխուին, երբ Հայաստանի հանրապետութիւնը կ’ընկալենք Սփիւռքով կամ… առանց Սփիւռքի։
Մտահան չենք ըներ նաեւ եւ նոյնքան պարզ ու անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ իր կարգին, Սփիւռքը փաստօրէն հողմացրիւ բեկորներու ամբողջութիւն է առանց ազատ ու անկախ Հայաստանի պետութեան, իսկ խարիսխ ու ծանրութեան կեդրոն ունեցող համախումբ հաւաքականութիւն է, կրնա՛յ ըլլալ՝ Հայաստանի պետականութեամբ:
Կարեւորն ու հիմնականը ա՛յն է, որ Հայաստանի պետութիւնը ապրի, գործէ ու զարգանայ իբրեւ համայն հայութեան ազգային պետական տունը, իսկ սփիւռքահայութիւնը իր ինքնութիւնը ընկալէ եւ սահմանէ իբրեւ հայոց պետական տան անբաժան մասը կազմող աշխարհացրիւ հայ բեկորներ, կազմակերպ հայօճախներ թէ համահայկական կառոյցներ։ Նախագահ Սարգսեան արդեօք իբրեւ այդպիսին՝ համայն հայութեան ազգային պետական տունը կ՚ընկալէ՞ Հայաստանի հանրապետութիւնը, երբ կը կատարէ Սփիւռքով բոլորովին այլ պետութիւն դառնալու անհրաժեշտութեան վրայ իր շեշտադրումը։
Հարցադրումը անտեղի չէ, ոչ ալ թերահաւատութենէ կը թելադրուի։ Պարզապէս կը հիմնուի այն իրողութեան վրայ, որ 1990ականներուն, Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացման սկզբնական շրջանին, ատենի իշխանութիւնները կ’առաջնորդուէին այն պատկերացումով, որ սփիւռքահայերը «նարինջ ուտողներ են» եւ սփիւռքահայութիւնը, լաւագոյն պարագային, կրնայ «կթան կով»ի նշանակութիւն ունենալ նորանկախ Հայաստանի պետութեան համար…
Այդ ժամանակները անցած–գացած են անշուշտ եւ հիմնովին բարեփոխուած են մօտեցումներն ու պատկերացումները թէ՛ Սփիւռքի նկատմամբ Հայաստանի իշխանութեանց հայեցակարգին, թէ՛ Հայաստանի հանրապետութեան վերաբերեալ սփիւռքահայերու ընկալման մէջ։
Արդէն եկած է ժամանակը, երբ ամերիկահայերու ներկայացուցչական հաւաքին Հայաստանի նախագահը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, թէ «դէն նետել» պէտք է անցեալէն յամեցող կարծրատիպերը… փոխադարձ պատկերացումներէն։ Այդ ճամբուն վրայ նետուած ՀՀ նախագահին առաջին եւ ողջունելի քայլն է Հայաստանի հանրապետութեան սահմանումն ու արժեւորումը, իբրեւ համայն հայութեան ազգային պետականութիւնը։
Աւելի՛ն. նախագահ Սարգսեան համոզուած է, որ հայոց ազգային պետականութեան եւ, աւելի ընդգրկուն ընկալումով՝ ամբողջ հայ ժողովուրդին գերխնդիրը, այսօ՛ր, բազմակողմանի եւ անկաշականդ զարգացում ապահովելն ու բարգաւաճիլն է։ Եւ ՀՀ նախագահը շնորհակալութեան խօսքով կ’աւարտէ իր ելոյթը՝ «հպարտութեամբ» հաստատելով, որ Սփիւռքի տարածքին «մեր քոյրերը եւ եղբայրներն անում են ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստանը դառնայ ժամանակակից բարգաւաճող պետութիւն»։
Եւ… վե՞րջ։
Անշուշտ՝ ո՛չ։
Բացառապէս Հայաստանի իշխանութեանց հաշւոյն անցեալի կարծրատիպերէն ձերբազատելու յանդուգն եւ ողջունելի քայլ է նախագահ Սարգսեանի առաջադրանքը՝ լծուելու հայ ժողովուրդի բովանդակ շահերու պաշտպանութեան ու համայն հայութեան բազմակողմանի զարգացման ապահովումին։
Սփիւռքի մէջ տակաւին կը յամենայ այդ առաջադրանքի իրագործման յարմարագոյն գաղափարախօսութեան եւ անկէ բխող ռազմավարութեան շուրջ տարակարծութիւնը։ Ներազգային երկխօսութեան առջեւ իր բացած կանաչ լոյսով՝ Հայաստանի նախագահը նաեւ ու ակամայ օրակարգի վրայ կը բերէ միեւնոյն առաջադրանքին շուրջ հայրենի մեր ժողովուրդին մօտ առկայ գաղափարական տարակարծութեանց ներդաշնակման խնդիրը։
Բայց անհրաժեշտ քայլը նետուած է ահա, եւ ա՛յդ է կարեւորը։ Առանց Սփիւռքի գործող Հայաստանի պետութեան պատկերացումը մեր ետին ձգած՝ Հայաստանի պետութիւնը Սփիւռքով ընկալելու եւ ըստ այնմ համայն հայութեան բազմակողմանի զարգացումը ապահովելու մարտահրաւէրին առջեւ կանգնած ենք ազգովին։
Մարտահրաւէրին ընդառաջ՝ Հայաստանի նախագահը կը շեշտէ «Հայկական Ինքնութեան» նորովի սահմանումը կատարելու եւ «Արհաւիրքակեդրոնութենէ»ն դէպի «Հայաստանակեդրոնութիւն» անցման մեծ ոստումը կատարելու հրամայականը, որուն նախադրեալներուն եւ գաղափարախօսական ծալքերուն կ’արժէ առանձնաբար անդրադառնալ։