ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուորական բարձրագոյն հրամանատարական կազմը՝ Զինեալ ուժերու Հրամանատարական կեդրոնի պետի տեղակալ զօր. Արշալոյս Փայտեանի գլխաւորութեամբ եւ մեծ բազմութեան ներկայութեան, երէկ, Երեւանի Զուարթնոց օդանաւակայանը դիմաւորեց Իրաք գործուղուած հայկական խաղաղապահ զօրագունդի 8րդ եւ վերջին խումբը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած էին 46 բժիշկներ, սակրաւորներ եւ վարորդներ: Անոնք կը գործէին լեհական բազմազգ զինուորական զօրաբաժինի կազմէն ներս:
Խաղաղապահ գործունէութեան ընթացքին բանակայինները ունեցած են ընդամէնը մէկ վիրաւոր եւ վերադարձած են առանց կորուստի կամ զոհերու:
Ըստ Ա. Փայտեանի, կ’ակնկալուի, որ Իրաքէն վերադարձած խաղաղապահները իրենց գործունէութիւնը շարունակեն Քոսովօ գտնուող հայկական խաղաղապահ զօրախումբին մէջ: