ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: