Երկուշաբթի 22, Սեպտեմբեր 2008ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ հայկական բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատու Մարթին Եսայեանի: Անոր կ’ընկերակցէր իր կինը եւ յիշեալ բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեան:
Վեհափառը նախ իր գնահատանքը յայտնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան բերած կարեւոր նպաստին՝ հայ դպրոցի առաքելութեան եւ հայ մշակութային արժէքներու զարգացման ու տարածման մարզին մէջ: Ան անդրադարձաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող երկար տարիներու գործակցութեան եւ իր յոյսը յայտնեց, որ նշեալ հիմնարկութիւնը վերանորոգ յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր նպաստը բերել հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ մշակոյթի զարգացման: Վեհափառը այս առիթով նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին, որ մօտէն ծանօթ ըլլալով հայ դպրոցին ու մշակոյթին՝ իր կարելին կ’ընէ, որպէսզի «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ծառայութիւնը ըլլայ արդիւնաբեր: