ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 26ին, Երեւանի մէջ, Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հեռուստատեսութեան «Շողակաթ» ընկերութեան նոր մասնաշէնքի պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Նոր շէնքը վերանորոգուած եւ բարեզարդուած է ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու հովանաւորութեամբ:
Վեհափառ հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ նոր շէնքի օրհնութեան կարգը, որմէ ետք Գարեգին Բ. իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն: Հայրապետը իր գնահատանքի խօսքերը յայտնեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին՝ շէնքի ձեռքբերման գործին իր բերած աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններուն, շինարարներուն եւ «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան աշխատակիցներուն:
Ներկաներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ ազգային բարերար Վաչէ Մանուկեան: Ան ընդգծեց հայ եկեղեցիի քարոզչութեան անհրաժեշտութիւնը իւրաքանչիւր հայ մարդու համար եւ յոյս յայտնեց, որ յաջորդ տարի, վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան հաղորդումները պիտի սփռուին նաեւ արբանեակային կապով՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով աշխարհասփիւռ հայութեան հաղորդուելու հայ եկեղեցւոյ եւ մեր Հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
Վաչէ Մանուկեան շեշտեց, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը յատկապէս կարեւոր է մեր մատաղ սերունդին համար, ուստի իրենք ուրախ են, որ մասնակից են Մայր աթոռի հովանիին տակ գործող հեռուստաընկերութեան զարգացման գործին: