Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի ազդեցութիւնը, անոր դերը համազգային մեր քաղաքական, մշակութային իրականութեան մէջ: Ահա հարց մը, որուն յստակացումը օրէ օր աւելի հրատապ պահանջք կը դառնայ, մանաւանդ մեր ժողովուրդին ու պետութեան դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Այս պահանջքին ընդառաջելով է, որ «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կը հրաւիրէ գաղութիս մտաւորականները ընդհանրապէս եւ իր աշխատակիցները մասնաւորապէս, որպէսզի առանձին ուսումնասիրութիւններով, պարզաբանումներով, խորհրդածութիւններով, վերլուծումներով ու առաջարկութիւններով հանդէս գան թերթի Նոր Տարուան բացառիկ համարին մէջ:
Ինչպէս անցեալ Ուրբաթ օրը այս սիւնակէն յայտնած էինք, «Ասպարէզ»ի Նոր Տարուան բացառիկ թիւը պիտի նուիրուի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հայկական մեծ ու փոքր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն՝ կարելի եղածին չափով անոնց ամբողջական ցանկն ու բնութագիրը ներկայացնելով հանրութեան:
Իբրեւ լրացուցիչ բաժին, կարեւոր կը նկատենք աւելցնել վերլուծական յօդուածներու շարքը, ուր պիտի կատարուի այդ միութիւններու հաւաքական ուժի գնահատումը, անոնց դերակատարութեան արժեւորումը՝ համահայկական կարեւոր առաքելութեանց իրականացման պարունակի մէջ:
Կարելի չէ թերագնահատել այս ձեռնարկի կարեւորութիւնը, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք, որ նոր ստեղծուած սփիւռքի նախարարութեան համար որքա՜ն կարեւոր հում նիւթ պիտի մատակարարենք, նիւթ, որուն հիման վրայ նախարարութիւնը կրնայ մշակել իր ծրագիրները եւ աշխատանքները, յատկապէս մեր գաղութին վերաբերեալ:
Ինչպէս անցեալին, այս անգամ ալ կոչ կ’ուղղենք հեռաւոր շրջաններու, այլ գաղութներու մէջ ապրող հայ մտաւորականներու, որ իրենք ալ մասնակից ըլլան այս քննարկման ու իրենց գրութիւնները խմբագրութիւն ուղարկեն ամէնէն ուշը մինչեւ Դեկտեմբեր 10:
Մեր համացանցի ելեկտրոնային հասցէն է editor@asbarez.com: Կը սպասենք ձեր բոլորին ներդրումին՝ այս կարեւոր հարցի քննարկման: