«Ասպարէզ» պիտի փորձէ այլ տեսակի հաղորդակցութիւն մը ստեղծել իր եւ ընթերցողներուն հետ ու միջեւ: Մենք պիտի կապուինք ձեզի, քաղաքական, հասարակական գործիչ, թէ մանկավարժ, թէ արուեստագէտ, թէ աշխատաւոր հայորդի, մէկ հարցումով:
Ի՞նչ գիրք կայ սեղանիդ, կամ անկողնիդ մօտ:
Ի՞նչ գիրք կամ թերթ կը կարդաս քնանալէ առաջ, ազատ ժամանակիդ:
Մենք պիտի հեռաձայնենք ձեզի, այդ հարցումը տալով: Կրնաք չսպասել մեր հեռաձայնին ու դուք կապուիք մեզի, նամակով կամ հեռախօսով ու կիսել մեզի հետ ձեր խանդավառութիւնը կամ յուսախաբութիւնը ձեր ընթերցումներէն:
Առաջին հարցումը ուղղեցինք այս սիւնակի (որ այսուհետեւ լոյս պիտի տեսնէ գաղութի կեանքին յատկացուած էջերէն) ստեղծման գաղափարի հեղինակին, իրաւաբան, հասարակական գործիչ Լեւոն Կիրակոսեանին:
Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ տարիներու վաստակ ունեցող Կիրակոսեանը, կը կարդայ «Նաթոյի գաղտնի բանակները» գիրքը (NATOs Secret Armies, Operation Gladio and Terrorism in Western Europe), որուն հեղինակն է Տանիէլ Կանզըր (Daniele Ganser):
Գիրքը 2005ի հրատարակութիւն է եւ կը բաղկանայ 673 էջերէ:
Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Պաղ պատերազմի տրամաբանութեամբ, ամերիկացիներ եւ անգլիացիներ տարբեր երկիրներու տարածքին ստեղծած են յատուկ բջիջներ, որոնք, Խորհրդային Միութիւնը այդ երկիրները գրաւելու պարագային, պիտի դառնային ընդյատակեայ ընդդիմութեան կորիզներ:
Առանձին գլուխներով ներկայացուած են տարբեր երկիրներու մէջ այդ կորիզներու գործունէութիւնը: Ներկայացուած է նաեւ Թուրքիոյ բջիջներու աշխատանքը: Մեզ շահագրգռողը այն փաստն է, թէ այս բջիջներն են, որ հետագային դարձան «Գորշ գայլեր» ցեղապաշտական կազմակերպութեան հիմնադիրները, որոնք մինչեւ այսօր կը կառավարեն թրքական պետութիւնը:
Իսկ Դուք ի՞նչ կը կարդաք:
Գրեցէք, հեռաձայնեցէք մեզի, կամ ալ սպասեցէք մեր հեռաձայնին: