«Կլէնտէյլ Ղափան Քոյր Քաղաքներ» Ընկերակցութիւնը կազմակերպած է «Սիկար նայթ» ժամանցի ճաշկերոյթ-երեկոյ մը, որուն ներկայ պիտի ըլլայ սեփական անունով սիկար արտադրող՝ Աւօ Ուվեզեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ վաղը, Հինգշաբթի, 28 Օգոստոսին, երեկոյեան, «Minx» սրահին մէջ:
Մուտքի տոմսը 150 տոլար է: հասոյթը, անշուշտ, պիտի յատկացուի ընկերակցութեան Ղափանի մէջ իրականացնելիք ծրագիրներուն:
Տոմսերը պէտք է նախապէս ապահովել, հեռաձայնելով՝ 226-7777: