ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յառաջիկայ աշնան պիտի մեծարէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիյերակոսան յանձնախումբի բարձրագոյն պարգեւով՝ ԱԱի Հայ Դատի յանձնախումբի «Տարուան Արժանապատիւ Մարդուն» շքանշանով, որ պիտի շնորհուի քաղաքապետ Վիյերակոսայի յանձնախումբին կազմակերպելիք տարեկան խճոյքին ընթացքին, Հոկտեմբեր 12, 2008ին, Ռոնըլտ Ռեկըն նախագահական գրադարանին մէջ, Սիմի Վալի:
«Քաղաքապետ Վիյերակոսա Հայ Դատի իսկական ղեկավար է», յայտնած է ԱԱի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Անտրու Քզիրեան, «Լոս Անճելըսի քաղաքապետը բազմիցս ցուցաբերած է իր անխոնջ եւ կորովի զօրակցութիւնն ու ռահվիրայի կամքը, ամերիկահայերը հետաքրքրող հարցերու առնչութեամբ», աւելցուցած է ան:
Քաղաքապետին զօրակցութեան եւ անդադրում հետապնդումներուն շնորհիւ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանը 2007ին կայացուցած է որոշում մը, ըստ որուն, քաղաքապետարանը կոչ ուղղած է Ներկայացուցիչներու տան՝ ընդունիլ թիւ 106 որոշումը. նոյն տարին ան Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսէն ստացած է ուրացման շարք մը հրատարակութիւններ, ինչպէս նաեւ նամակ մը՝ քաղաքապետին վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով, որպէսզի ան հրաժարի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր ճիգերէն: Քաղաքապետը ոչ միայն մերժած է ենթարկուիլ այդ ճնշումներուն, այլ՝ այդ հրատարակուիթիւններն ու նամակները տրամադրած է ԱԱ Հայ Դատի յանձնախումբին, որպէսզի գործածուին իբրեւ ուսումնական աղբիւրներ: Աւելի՛ն, քաղաքապետը թրքական հիւպատոսին յղած է նամակներ, ուր արտայայտած է Հայ Դատին ճանաչման եւ հետագային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին իր զօրակցութիւնը նորոգելու ուխտը:
1994ին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ դառնալէ ի վեր, Վիյերակոսա աննախընթաց արիութիւն ցոյց տուած է, իր կազմին մէջ Հայ Դատի ճանաչման ուղղութեամբ:
Բացի ատկէ, իր պաշտօնավարութեան տարիներուն, քաղաքապետ Վիյերակոսա ցուցաբերած է միջկուսակցական համերաշխութիւն գոյացնելու բացառիկ կարողութիւն, եւ մեծ հմտութիւն՝ քաղաքին առջեւ ծառացած հարցերը լուծելու, կրթութեան, երթեւեկութեան, ապահովութեան, տնտեսութեան եւ բարոյականութեան ոլորտներուն մէջ: Ան ղեկավարած է Լոս Անճելըս-Երեւան քոյր քաղաքներ յայտարարելու եւ անոնց միջեւ գործնական եւ շահաւէտ յարաբերութիւններ ստեղծելու ջանքերը:
Մեծարանքի ձեռնարկին ներկայ գտնուիլ ցանկացողները կրնան կապուիլ Այտա Տիմեճեանին՝ (818) 500-1918 հեռաձայնային թիւով կամ այցելել համացանցային www.itsmyseat.com կայքէջը՝ տոմսեր ստանալու համար:
Խնճոյքը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 5:30ին: Նկատի ունենալով, որ Հայ Դատի յանձնախումբը կը ներկայացնէ Հայ Դատը հետապնդող Արեւմտեան Ամերիկայի ամենազանգուածային կազմակերպութիւնը, կը նախատեսուի, որ տոմսերը սպառին Սեպտեմբեր 15էն բաւական առաջ: