Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ի տնօրէնութիւնը, թերթը իսկապէս վերածած է լիբանանահայ համայնքի թերթը՝ թէ՛ իր նիւթերու ընդգրկումով, թէ՛ իր անկողմնակալ լրատուութեամբ, թէ՛ իր լայնախոհութեամբ ու գաղութէն ներս բոլոր նշանակելի իրադարձութիւններուն տեղ տալու դիրքորոշումին՝ անկախ անոնց ետին կանգնած մարդոց կուսակցական պատկանելիութեան:
Մենք ալ այստեղ նոյնը կը փորձենք ու պիտի շարունակենք աւելի ընդլայնել մեր ալ պարագիծը: Սակայն, բարի նախանձը կը բխի «Ազդակ»ի մէկ այլ իրագործումին. Ստեղծագործ նախաձեռնութեան ոգի մը տեղ գտած է այդ հարկէն ներս, որ թէ՛ իր հազուագիւտ ըլլալով, թէ՛ թերթի ազդեցութեան ոլորտը ընդարձակելու տեսակէտէն միայն կարելի է խրախուսել եւ ընդօրինակել:
«Ազդակ»ի լսարանները, որոնք մտաւորական աշխատանքի միջավայր կը տրամադրեն համայնքի մէջ, օրինակներ են մեր ակնարկած նախաձեռնութիւններուն: Ասոնց կողքին կարելի է դասել հրատարակուող ամսաթերթերն ու յատուկ թիւերը, բոլորը ճոխ ու հետաքրքրական:
Թերթի տնօրէնութեան վերջին իրագործումը, Լիբանանի հայկական բոլոր վարժարաններու շրջանաւարտներու համախմբումն էր, որ հաճելի եւ օգտակար ձեռնարկ մը եղած է:
Այս ձեռնարկը գրաւած է նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի ուշադրութիւնը: Գնահատելով «Ազդակ»ի այս նախաձեռնութիւնը՝ դոկտ. Եկաւեան այս առթիւ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուր գրուած է.
«Առանց որեւէ խտրութեան՝ նման համախմբումներ կազմակերպելու քայլը ողջունելի է այն առումով ամէն բանէ առաջ, որ ի մի կը բերէ զանազան շրջանակներու գաղութի երիտասարդութիւնը, որ հայկական վարժարան աւարտելէ ետք կը պատրաստուի մասնագիտանալու։
Երեւոյթը կարեւոր է նաեւ այն իրականութեամբ, որ կը ծրագրէ կապեր ստեղծել հայ մամուլին եւ հայկական վարժարանին ու հայ շրջանաւարտին միջեւ։
Չերմօրէն պիտի փափաքէինք, որ նման համախմբումները յաճախակի դառնային եւ աւանդութեան վերածուէին՝ բոլորը միասնաբար շնորհաւորելու, որ հայկակա՛ն վարժարանի շրջանաւարտ են, բոլորին հետ կիսելու հայ կեանքին առջեւ բացուող զանազան հորիզոններու հետ կապուած խնդիրները։
Այս առիթով կ’ուզենք յայտնել նաեւ, որ գործակցաբար «Ազդակ»ի տնօրէնութեան հետ, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքը այսուհետեւ պիտի հովանաւորէ նման համախմբումներ եւ նաեւ մրցանակներ պիտի հաստատէ լաւագոյն արդիւնքներով հայկական վարժարաններ աւարտող հայ աշակերտներուն համար։ Ծրագիրի մանրամասնութիւնները կը հրապարակուին հետագային»։
Օգտակար նախաձեռնութենէ մը կը ծնի մէկ այլ օգտակար ծրագիր:
Կը շնորհաւորենք «Ազդակ»ը ու կը խոստովանինք, թէ «անոր տնօրէնութիւնը բարի նախանձ արթնցուցած է մեր մէջ: