«Ասպարէզ»ի դարադարձի առիթով ձեռնարկուած հանգանակային ժողովրդական արշաւը յաջողութեամբ կը շարունակուի: Այսօրուան ջերմաչափը (երրորդ էջ) ցոյց կու տայ, որ արդէն կտրած ենք մեր նախնական թիրախի՝ հարիւր հազար տոլարի քառորդ ճամբան:
Ժամանակի սղութեան պատճառաւ, խմբագրութեանս աշխատողները անկարող են իրենց ուժերով կապուիլ բոլոր հաւանական նուիրատուներուն: Բարեբախտաբար ունինք մեզի միշտ թիկունք կանգնելու պատրաստ մարդիկ, որոնք ընդառաջելով մեր դիմումին, սիրով յանձն առին մեզի օգնելու աշխատանքը՝ միանալով «Ասպարէզ»ի խումբին ու յառաջ տանելով հանգանակային արշաւը:
Այս առթիւ, շնորհակալութիւն կ’ուզենք յայտնել մեզի միացողներուն եւ հրապարակել անոնց անունները, նկատի առնելով, որ անոնք մեր կողմէ պիտի դիմեն ձեզ՝ արձանագրելու համար ձեր մասնակցութիւնը արշաւին:
«Ասպարէզ»ի արշաւին այսպէս գործնականօրէն օգնելու կը միանան Հիլտա Սանդիկեան՝ Ֆրեզնոյէն, Նուպար Տեմիրճեան, Արա Մաքասճեան եւ Անի Պաղտասարեան՝ Սան Ֆրանսիսքոյէն, Ժագ Գասամանեան՝ Լաս Վեկասէն, Վիգի Մարաշլեան, Սթիւ Արթինեան, Գէորգ Պետիկեան, Մարօ Քէշիշեան, Հուրի Ֆռնզեան, Սիլվա Քէշիշեան՝ Լոս Անճելըսէն: Այս օրերուն անոնցմէ մէկը անպայմանօրէն կը կապուի ձեզի հետ:
Եթէ կան «Ասպարէզ»ի բարեկամներ, որոնք ժամանակ ունին եւ կրնան օգնել մեզի, կը խնդրենք ուղղակի կապուին խմբագրութիւն: Մենք նաեւ կը վստահինք մեր ընթերցող-բաժանորդներու նախաձեռնութեան ոգիին, որ կրնայ շարժել զիրենք՝ իրենց շրջապատին մէջ քարոզելու այս արշաւին մասին եւ յորդորելու՝ իրենց ընկեր-բարեկամներուն միանալու անոր:
Կ’ուզենք նաեւ յայտնել, որ «Ասպարէզ»ի այս արշաւին մասնակցող ոչ-բաժանորդներուն մենք անվճառ մէկ տարուան «Ասպարէզ» օրաթերթի բաժանորդագրութիւն պիտի նուիրենք: Այլ խօսքով, մինչեւ Օգոստոս 14, «Ասպարէզ»ին հարիւր տոլար ուղարկող ոչ-բաժանորդները կը դառնան թէ՛ հանգանակութեան մասնակիցներ, եւ թէ՛ նոր բաժանորդներ: