Երէկ, Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնէն ներս (ՌԱՀՀԿ), կատարուեցաւ միջազգային իրաւունքով Հայաստանի արդի հանրապետութեան յատկացուած կամ վերապահուած տարածքներուն նկատմամբ՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան վերահաստատման հարցի քննարկում, որուն մասնակցած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, քաղաքագէտ-վերլուծաբաններ, հասարակական կառոյցներու ու փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ ուրիշներ:
Ըստ կեդրոնի հաղորդագրութեան, «Հայաստանի հանրապետութեան սահմանների խնդիրն ըստ միջազգային իրաւունքի» թեմայով զեկոյց ներկայացուց Modus Vivendi ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանը:
«Հայաստանի սահմանների հարցը կարող է եւ պէտք է լուծուի միայն միջազգային իրաւունքի հիման վրայ արդէն իսկ կայացուած վճռի եւ յստակեցուած սկզբունքների կենսագործմամբ», յայտնեց ան:
Պապեան ներկայացուց իրաւական փաստաթուղթեր, որոնց հիման վրայ Հայաստանը կարող է իր սահմաններու ճշգրտման հայցը ներկայացնել միջազգային կազմակերպութիւններու եւ պետութիւններու:
«Ցաւօք, եթէ մենք չբարձրաձայնենք մեր տարածքային յաւակնութիւնները (առաւելապէս Թուրքիոյ հետ), ապա լուռ համաձայնութիւն կը տանք փաստացիօրէն ձեւաւորուած սահմաններին եւ տարիներ անց կը զրկուենք այն բարձրաձայնելու իրաւունքից», հարցը անպայման իրագործուած տեսնելու լաւատեսութեամբ եզրափակեց Պապեան:
Միտքերու փոխանակման մասնակցեցան ՌԱՀՀԿ վարչական տնօրէն Կարապետ Կալենչեանը, հետազօտութիւններու համակարգող Սիւզաննա Բարսեղեանը, Սահմանադրական դատարանի փորձագէտ Մարսել Աբրահամեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, Ժառանգութիւն խմբակցութեան քարտուղար Ստեփան Սաֆարեանը եւ այլ կազմակերպութիւններու եւ խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներ: