ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Գիւմրիի մէջ կը կատարուին փողոցներու հիմնանորոգման աշխատանքներ:
Գիւմրիի քաղաքապետարանի հանրային կապի պատասխանատու Լիլիթ Աղեկեան յայտնեց, որ համայնքային պիւտճէէն այդ աշխատանքներու համար յատկացուած է մօտ 600 միլիոն դրամ: Նախատեսուած գումարներով պիտի իրականացուին 24 փողոցներու փոսերու նորոգումը: