Մեր նախորդ երկու թիւերով ներկայացուցինք Համազգայինի ընդհանուր պատմականը:
Այս թիւով մեր ընթրեցողներուն կը ներկայացնենք Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկը, իր ընդհանուր գիծերով:
Տեղեկութիւնները քաղած ենք Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, այս մասին հրատարակած տեղեկագրէն:
Հիմնարկը, հիմնուած է 1996ին եւ կը գործակցի Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան»ի անուան համալսարանին հետ: Այս տարի կը բոլորէ ակադեմական գործունէութեան 12 տարիներու շրջանը (1996-2008), ունենալով շուրջ 200 ուսանողներ եւ աշխատանքի արդար վարձատրութեամբ վկայական յանձնելով 40 շրջանաւարտներու, մատուցելով հայ լեզուի եւ գրականութեան առնչուած նիւթեր։
Հակառակ ստեղծուած պիւտճէական դժուարութիւններուն, հիմնարկը այս տարեշրջանին եւս շարունակեց իր գործունէութիւնը ծայրայեղ խնայողութեամբ, որուն համար եկամուտի գլխաւոր աղբիւրներ հանդիսացան յատկապէս Բերիոյ թեմի Ազգ. իշխանութիւնը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը։ Առընթեր օժանդակութիւն ցուցաբերեցին նաեւ, Ս.Օ.Խաչի Շրջ. վարչութիւնը, եկեղեցիներու թաղականութիւնները:
Այս տարեշրջանին բացառիկ տնօրինումով, Հայագիտական հիմնարկին իր նպաստը բերաւ Համազգայինի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Շրջ. վարչութիւնը:
Աստիճանաբար յաջողութիւն արձանագրած այս ձեռնակը արդար հպարատանքով կը լեցնէ բոլորին սրտերը, թէ 12 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իրեն վստահուած կրթական գործը առաւել ընդլայնած ծրագրով, նպատակ ունենալով՝
-Առիթ ընծայել հայագիտական նիւթերու նկատմամբ հակում ունեցող ուսանողներուն՝ իրենց ուսումը շարունակելու։
-Պատրաստել գաղութի ուսումնական հաստատութիւններուն համար ուսուցիչներ եւ առիթ ընծայել վերաորակաւորելու զանոնք։
-Պատրաստել որակաւոր մարդուժ գաղութի միութիւններուն համար։
ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Հայագիտական հիմնարկի ներկայ կրթական ծրագիրը կը գործադրուի շաբաթական հնգօրեայ դրութեամբ, Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանէն ներս, յետմիջօրէի ժամը 4-8։
Քառամեայ դասընթացքի տեւողութիւնն է Հոկտեմբերէն մինչեւ յաջորդ Յունիս ամսուան աւարտը։
Ուսանողները իւրաքանչիւր նիւթի համար կը կատարեն նկատի առնուած գրաւորները, ուսումնասիրական եւ այլ աշխատանքներ, կիսամեայ եւ տարեվերջի քննութիւններ։
Հայոց լեզուի, գրականութեան, հոգեբանութեան եւ մանկավարժութեան դասընթացքներուն կը մասնակցին նաեւ հայկական վարժարաններու հայրենաւանդ ուսուցչուհիները։
ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒ
2007-2008 տարեշրջանին ուսանողութեան թիւը կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.
Ա. Կարգ- 14 մնայուն եւ 10 ունկնդիր
Բ. Կարգ- 11 մնայուն եւ 1 ունկնդիր
Գ. Կարգ- 8 մնայուն եւ 4 ունկնդիր
Դ. Կարգ- 3 մնայուն եւ 3 ունկնդիր
ԾՐԱԳԻՐ
Հիմնարկի քառամեայ ծրագիրը կ’ընդգրկէ Հայագիտական նիւթեր՝ Հայերէն լեզու, Հայ հին եւ արդի գրականութիւն, Պատմութիւն եւ Աշխարհագրութիւն,
Աղբիւրագիտութիւն, Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, Գրաբար եւ Լրագրութիւն:
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
Գերշ. Տ. Շահան եպս. Սարգիսեան, Յակոբ Չոլաքեան, Լալա Մինասեան, Ազնիւ Արապեան, Անի ֆիշէնկճեան, Մարուշ Երամեան, Լենա Քէյվանեան, Վարդ Քէշիշեան, Միհրան Մինասեան, Լեւոն Շառոյեան
եւ Կարօ Ասատուրեան:
Ընթացիկ տարեշրջանին Հայագիտական հիմնարկէն ներս, Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն, Հայ գրականութեան մասին դասախօսութիւններ կարդաց սփիւռքահայ բանաստեղծ Զուլալ Գազանճեան։ Տեղին է նշել, որ հիմնարկ կ’այցելեն եւ ուսանողութեան հետ հանդիպումներ կ’ունենան հիւրաբար գաղութս այցելող արուեստագէտ եւ մտաւորական դէմքեր։
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ
Հիմնարկի 2007-2008ի տարեկան պիւտճէն է շուրջ 1,500,000 ս. ոսկի, որ կը գոյանայ գլխաւորաբար մնայուն եկամուտներէ, նուէրներէ եւ ուսանողութեան խորհրդանշական մասնակցութիւններէ։
Հիմնարկի յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան մէջ նախատեսուած են՝
– 7/Սեպտեմբեր/2008ին, կազմակերպել Թէոդիկի 6 հատորներու շնորհահանդէսը.
– Համաստեղի գրական ժառանգութեան ներկայացումը.
– Յակոբ Օշականի ծննդեան 125ամեակի նշումը.
– «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Քերթուածներ եւ Վկայութիւններ» գիրքի հրատարակութիւնը՝ Յակոբ Օշականէն.
– Շրջանաւարտներու թէզերու հրատարակութիւնը.
Տեղեկագրին մէջ յիշուած է, նաեւ թէ հալէպահայութեան կրթական օճախներուն եւ ազգային հասարակական կեանքին մէջ ծառայելու կոչուած մտաւորական ուժեր պատրաստելու սահմանուած այս կեդրոնը, յառաջիկայ տարեշրջանին անհրաժեշտ կարիքը ունի հոգեբանութեան եւ մանկավարժութեան 2 դասախօսներու:
****************************************************************************************************************************
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Համազգայինի հիմնադրութեան 80 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու գծով ձեր ուշադրութեան կու գանք յանձնել հետեւեալ կարեւոր թուականները, միաժամանակ խնդրելով ձեր բոլորին նիւթա-բարոյական աջակցութիւնը եւ դրական զօրակցութիւնը.
Ա.- Գինեձօն՝ Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ» հատորին:
Հինգշաբթի, 4 Սեպտեմբեր, 2008 երեկոյեան ժամը 7ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ Հասցէ.- 222 East Harvard St.Glendale.
Հատորը կը ներկայացնէ Պերճուհի Աւետեան-Հալէպէն:
Գեղարուսետական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն:
Բ.- Գինեձօն՝ Կարօ Սասունիի նուիրուած հատորին, հեղինակ Աշոտ Ներսիսեան:
Հինգշաբթի, 2 Հոկտեմբեր, 2008 երեկոյեան ժամը 7ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ – Հասցէ.- 222 East Harvard St.Glendale.
Հատորն ու Կարօ Սասունին կը ներկայացնեն՝
Սարգիս Մահսէրէճեան Կարօ Սասունի յեղափոխականը
Կարօ Պետրոսեան Կարօ Սասունի մտաւորականը
Սենօ Բագրատունի – Կարօ Սասունի մարդը
Գեղարուսետական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն:
Գ.- Գինեձօն՝ Մովսէս Պչաքճեանի (Փարիզէն) վերջին հատորին.
Հինգշաբթի, 23 Սեպտեմբեր, 2008 երեկոյեան ժամը 7ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ -222 East Harvard St.Glendale.
Հատորը կը ներկայացնէ Դանիէլ Թիւֆէնքճեան:
Գեղարուսետական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն:
Դ.- Միօրեայ մշակութային փառատօն.
Կիրակի, Սեպտեմբեր 14, 2008 Մոնթէպէլլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի շրջափակէն ներս. – հասցէ՝ 8420 Beverly Rd. Pico Rivera, CA 90660.
Բազմերանգ գեղարուսետական յայտագիր:
Ե.- Ճաշկերոյթ տօնակատարութիւն
Կիրակի, Հոկտեմբեր, 26, 2008 կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Մոնթէպէլլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Հասցէ՝ 900 W. Lincoln Ave. Montebello, CA 90640.