Պետութեան մը ղեկավարը չի կրնար արկածախնդիր ըլլալ: Չի կրնար չմտածուած քայլեր առնել՝ իր երկիրն ու ժողովուրդը անտեղի աւերի ու կորուստներու ենթարկելու:
Այս մեկնակէտէն բոլորովին անհեթեթ կը դառնայ Վրաստանի նախագահի Հարաւային Օսէթիոյ դէմ նախաձեռնած գործողութիւնները, որոնք միայն արկածախնդրութեամբ կարելի է բնորոշել:
Կ’ուզենք հասկնալ, թէ ի՞նչ հաշուարկներով եւ ի՞նչ իրականացնելու նպատակով էր այս արիւնայեղութիւնը:
Վրաստանի համար արդեօ՞ք յստակ չէր, որ Ռուսիան չի կրնար ձեռնածալ մնալ Հարաւային Օսէթիոյ դէմ որեւէ զինուորական գործողութեան պարագային:
Վրաստանի համար արդեօ՞ք յստակ չէր, որ Ռուսիան թէ՛ ռազմական ուժը ունի եւ թէ՛ քաղաքական համապատասխան ղեկավարութիւնը, որ այսպիսի պարագայի մը իր սեփական օրակարգը այդ տարածքին վրայ աւելի ուղղակի կենսագործէ՝ արհամարհելով միջազգային միջամտութեան ամէն ճիգ ու փորձ: Մանաւանդ, որ իր քայլերը կրնայ նոյնիսկ ձեւով մը արդարացնել՝ իբրեւ ցեղասպանութիւն մը կանխելու համար պարտադրուած միջոցներ:
Թէ՞՝ Վրաստանի ղեկավարներուն յայտնի չէր իրենց ռազմական հնարաւորութիւններու ու կարողութիւններու սահմանները:
Վրացական ռազմավարութիւնը կրնայ ըլլալ՝ պարզապէս քայլ մը առնել, որ որքան ալ արկածախնդրական ըլլայ, ամբողջ աշխարհը կը դնէ իր խնդիրը լուծելու պարտադրանքին տակ:
Ես այստեղ եմ, արեւմուտքին համար ռազմագիտականօրէն կարեւոր ճանապարհներ կ’անցնին իմ շրջանէս, ես շարունակ ռուսական միջամտութիւններ դիմագրաւելու հարկադրանքին տակ եմ, այլեւս յոգնած եմ ու զզուած այդ միջամտութիւններէն ու կ’ուզեմ ամէն գնով վերջ մը դնել անոնց եւ այդ պատճառով, կարիք ունիմ միջազգային օգնութեան: Այս է Սահակաշւիլիի արդարացումը, մեկնակէտն ու ռազմավարութիւնը: Ինք սկսաւ՝ վստահելով, որ ստեղծուած վիճակը այնքան պայթիւն պիտի յառաջացնէ, որ միջազգային հանրութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ միջամտելու:
Այդպիսի մօտեցում, պետութեան մը ղեկավարութենէն, կարելի չէ արդարացնել: