Յունիսի վերջերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցչական ժողովին մասնակցելու համար, քանի մը օրով Աթէնք գտնուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Միհրան Շիմշիրեա, որ նաեւ առիթը ստեղծած է այցելելու «Ազատ Օր» խմբագրատուն։
Թերթի խմբագրութիւնը այս առթիւ հարցազրոյց մը կատարած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ղեկավար բարձրագոյն մարմնի անդամին հետ:
Հարցազրոյցը կ’անդրադառնայ նոր քառամեակին Հ.Մ.Ը.Մ.ի առջեւ յամեցող մարտահրաւէրներուն:
Ստորեւ՝ այդ հարցազրոյցը.-
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական վերջին ընդհանուր ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը ի՞նչ ծրագիրներ եւ թիրախներ ճշդած է այս քառամեայ նստաշրջանին համար:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ այս տարին յատկանշուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 90-ամեակի նշումով: 90-ամեակին առիթով Ընդհանուր Ժողովը պարտականութիւն տուած է Կեդրոնական Վարչութեան, որպէսզի հանդիսաւորապէս նշենք այս թուականը, ընդհանուր մեր կառոյցին մասնակցութեամբ:
Այսպէս, իր առաջին լիագումարին, Փարիզի մէջ, Կեդրոնական Վարչութիւնը եզրակացուց, որ Հայաստանի մէջ նախատեսուած 90-ամեակի տօնակատարութիւնը պիտի ներառնէ յատուկ խորհրդաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին գիտնականներ՝ ուսումնասիրելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարաբանութիւնը եւ, իրենց ակնոցով դիտուած, արժեւորումը կատարելու միութեան 90-ամեայ գործունէութեան:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Իւրայատուկ գաղափար մըն է: Ե՞րբ կը նախատեսէք կազմակերպել համագումարը եւ ո՞ր հանգրուանին մէջ կը գտնուիք ներկայիս:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Կազմակերպական մանրամասնութիւններու դասաւորման հանգրուանին կը գտնուինք այս պահուս: Իսկ խորհրդաժողովի գումարումը կը նախատեսենք կատարել Նոյեմբեր 22ին:
Երկրորդ ծրագիր մըն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարախօս եւ հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի անունով ամպիոնի մը ստեղծումը Երեւանի համալսարանէն ներս:
Այս երկուքը Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ստանձնուած յատուկ ձեռնարկները պիտի ըլլան:
Ծրագիր մըն ալ ունէինք՝ Հայաստանի մէջ դրոշմաթուղթ մը հրատարակելու 90ամեակին նուիրուած. սակայն երկրին մէջ ընտրութիւններու կայացումը եւ այլ պատճառներ ուշացուցին այդ ծրագրին իրականացումը:
Յաւելեալ, անշուշտ, մեր բոլոր շրջաններուն թելադրած ենք, որպէսզի 90-ամեայ յոբելեանը նշող ձեռնարկներ կազմակերպեն: Շրջաններ կան, որոնք իրենց տարեկան մարզախաղերը կը նուիրեն 90-ամեակին, կամ՝ յատուկ յոբելենական ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:
Այս ծիրէն ներս որոշ պարգեւատրումներ ալ պիտի կատարուին այն Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք աշխատանք տարած են միութեան օգտին եւ մինչեւ օրս չեն պարգեւատրուած:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Այս տարի համահայկական բանակում պիտի կազմակերպուի՞:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Ո՛չ. այսպիսի պարտաւորութիւն չորս տարին անգամ մըն է, որ ունինք:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր քառամեայ աշխատանքներու ծիրէն ներս, կը նախատեսէ կազմակերպել՝ ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.ական մարզական խաղերը, համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական բանակումը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիւաններու համաժողովը, սկաուտ խմբապետներու բանակում-համագումարը (որ այս տարի՝ Հոկտեմբերին պիտի կայանայ): Պէտք է ըսեմ, որ այսպիսի բանակում մինչեւ հիմա չենք ունեցած. անցեալին ունեցած էինք խմբապետներու համագումարներ, ուր ընդհանրապէս ծրագրուած էին համաՀ.Մ.-Ը.Մ.ական բանակումները: Այս տարուայ հաւաքը իր մէջ կը ներփակէ նախապատրաստական աշխատանք՝ 4 տարւայ ընթացքին Արարատեան կարգ ստանալու մասին, որ սկաուտական աստիճան է եւ կը տրուի ընթացիկ կարգերէն անցած եւ այլեւս բաւական յառաջացած խմբապետներու. անոնք պարտին որոշ ուսումնասիրութիւններ կատարել նաեւ սկաուտական մեր աշխատանքներուն գծով:
Մենք կը փափաքինք, որ յաջորդ համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական բանակումին (որ երեք տարի ետք պիտի կազմակերպուի) խմբապետութիւնը յանձնուի Արարատեան կարգ ստացած անձերու: Այլեւս աւելի արհեստավարժ ու պատրաստուած խմբապետներու պիտի վստահինք այդ աշխատանքը եւ կը յուսանք, որ պիտի յաջողինք այս ձեւով նորութիւններ մտցնել մեր բանակումներուն մէջ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.ական մարզական խաղերու գծով ի՞նչ որոշուած է:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Գիտէք, անշուշտ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խաղերը որոշած ենք Հայաստան կազմակերպել, գալ տարուայ ընթացքին: Կեդրոնական Վարչութեան առաջին լիագումարին քննեցինք նաեւ խաղերը Արցախ կազմակերպելու պարագան՝ մտածելով, որ ատիկա աւելի ճիշդ ու նպատակայարմար պիտի ըլլայ տուեալ պահուն: Այդ ուղղութեամբ հետաքրքրուելու պարտականութիւն ալ ստանձնեց Հայաստանի մէջ մեր Կեդրոնական Վարչութիւնը, սակայն յայտնի եղաւ որ Արցախը ներկայիս համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական մարզական խաղերը ընդունելու յարմարութիւնները չունի: Ոտնագնդակի մէկ մարզադաշտ կայ, պասքեթպոլի դաշտեր չկան, լողաւազան չունի… Մենք կ’ուզենք բոլոր մարզաձեւերը ներառնել՝ աւելի շատ թիւով մարզիկներու առիթ տալու, որպէսզի մասնակցութիւն բերեն խաղերուն: Անշուշտ յոյս ունինք, որ Արցախի մէջ եւս մեր կառոյցները հետզհետէ պիտի պատրաստուին, բայց առայժմ մենք վերադարձանք մեր սկզբնական ծրագրին, այսինքն Հայաստանի մէջ խաղերը կազմակերպելու որոշումին:
Ըսեմ, որ Ընդհանուր Ժողովի որոշումով՝ Կեդրոնական Վարչութիւնը նաեւ ձեռնարկած է կազմակերպելու միջ-ցամաքամասային սկաուտական պատասխանատուներու հանդիպում մը, որ յաճախակի պէտք է դառնայ. կը փորձենք տարեկան դրութեամբ կարգաւորել հանդիպումը՝ բարձրաստիճան սկաուտները քով-քովի բերելու մտքով եւ յատուկ գիտելիքներ անոնց փոխանցելու համար, որպէսզի պատրաստուին Արարատեան կարգի պաշտօնին տիրանալու:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Եւրոպայի ո՞ր երկիրներուն մէջ կազմեր ունինք ներկայիս:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Յունաստան, Կիպրոս, Պուլկարիա, Վիեննա, Շուէտ, Հոլլանտա, Լոնտոն, Փարիզ, Վալանս եւ Մարսէյլ: Այս է Եւրոպայի մէջ մեր կառոյցը: Տուեալ ցամաքամասէն ներս միակը, որ Շրջանային Վարչութեան կարգավիճակ ունի, Յունաստանն է, իսկ մնացեալները՝ Մեկուսի Վարչութիւններ են:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան մարզերը:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Յունաստանը Կեդրոնական Վարչութեան համար մեծ աւանդութիւն ունեցող շրջան մըն է. երկար պատմութիւն ունի եւ կարելի չէ զայն բաղդատել նորաստեղծ այլ շրջաններու հետ: Յունահայ ժողովուրդը Հ.Մ.Ը.Մ.ը գիտէ եւ կը սիրէ: Նոյնը կարելի չէ հաստատել որոշ՝ այլ շրջաններու մասին. օրինակի համար Հոլլանտայի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան ծանօթ հայրենակիցները՝ մեծ մասով Միջին Արեւելքէն գաղթած մեր հայրենակիցներն են: Նոյնը կը պատահի նորաստեղծ գաղութներու մեծամասնութեան մօտ:
Յունաստանը ատենին Կեդրոնական Վարչութիւն անուանուած է, Շրջանային Վարչութիւն ունեցած է. աւանդ ու պատմութիւն ունի եւ ճիշդ ասոր համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Յունաստանի հանդէպ տարբեր զգացական մօտեցում ունի: Եւրոպա է, բայց նաեւ ուրիշ՝ Ֆրանսայէն, Լոնտոնէն եւ կը փափաքինք Յունաստանը միշտ տեսնել իր իւրայատուկ դերով: Եւ դուք լաւապէս գիտէք այս պարագան, որովհետեւ տեսած էք այն վստահութիւնը, որ ցուցաբերուած է Յունաստանի միաւորին հանդէպ: Առաջին համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումը Յունաստանի մէջ կազմակերպուած է, մեր համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական Գ. բանակումն ալ Յունաստանի մէջ եղած է, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր Ժողովներ գումարուած են հոս: Ինքնաբերաբար, արդէն, այս բոլորը ցոյց կու տան Յունաստանի իւրայատուկ դիրքը Կեդրոնական Վարչութեան ընկալման մէջ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Եւրոպայի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կառոյցները որքանո՞վ նոր կարելի է սեպել:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Շուէտը, Հոլլանտան՝ բոլորովին նոր շրջաններ են։ Ինչպէս ըսի, կազմուած են ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն հաստատուած հայրենակիցներու մասնակցութեամբ, այլ ոչ թէ Հայաստանէն վերջին տասնհինգ տարիներուն արտագաղթած հայրենակիցներէ:
Լոնտոնը նաեւ նոր շրջան է (պարսկահայերէ կազմուած գաղութ է ընդհանրապէս):
Փարիզը այդպէս չէ. Փարիզի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ը երկարատեւ պատմութիւն ունեցած է: Պոլսոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լուծարումէն ետք, Փարիզ փոխադրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարժումը եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը. այդ պատասխանատուները ապագային ինչ-ինչ պատճառներով հեռացած են Փարիզէն: 1980ականներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերակազմակերպուեցաւ Ֆրանսայի մէջ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս անունով: Դիւաններու ժողովներ եղած են հոն, մենք մեր լիագումարները կը գումարենք, համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական բանակում կազմակերպուած է…:
Իւրայատուկ է Պուլկարիոյ պարագան, որովհետեւ հոն եւս Հ.Մ.Ը.Մ. գոյութիւն ունեցած է մինչեւ համայնավարական կարգերու հաստատումը: Այնուհետեւ բոլոր աշխատանքները սառած վիճակի մատնուած են: Քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք տարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ դուրս բերին միութիւնը սառած վիճակէն եւ գործունէութիւն ծաւալեցին: Սակայն պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար միութիւնը նոր հասկացողութեամբ պէտք է ներկայանայ: Ճիգ պիտի չխնայենք գործիչներ ուղարկելու եւ երիտասարդ տարիքի տղոց միջոցով կորիզներ ստեղծելու: Երկու ամիս ետք, Պուլկարիոյ հինգ քաղաքներու մէջ գործող մեր կազմերը մօտ-մօտի գալով բանակում պիտի իրականացնեն. նոյնպէս բոլոր քաղաքներու մէջ գործող մեր վարչականներու մասնակցութեամբ սեմինար մը պիտի կազմակերպուի եւ Կեդրոնական Վարչութիւնն ալ ներկայ պիտի ըլլայ, օժանդակելու համար աշխատանքներուն: Կը կարծենք, որ ճիշդ քայլերու կը դիմենք՝ աշխատանքին ծաւալ տալու նպատակով:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Հայաստանի պարագային ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ միութեան կառոյցը:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Հայաստանը պէտք է տեսնենք իր իսկական իրավիճակի լոյսին տակ: Սխալ պիտի ըլլայ, եթէ Լիբանանի կամ Սուրիոյ կամ Ամերիկայի մեր կառոյցներուն հետ բաղդատենք ու նոյն ձեւով դիտենք հայրենիքի մէջ մեր միութիւնը:
Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունը փաստօրէն ծանօթ դարձած է Սփիւռքէն եկած մեր միութեան անդամ երիտասարդներու ու պատանիներու միջոցաւ: Յանկարծ, երբ որ երկրի քաղաքական իրավիճակը հնարաւորութիւնը տուաւ աշխատանք ծաւալելու, Հ.Մ.Ը.Մ.ական գաղափարով սնած տղաք կորիզներ հիմնեցին: Արագօրէն կազմուեցաւ վարչութիւն, աշխատանք տարին, գրանցուեցան. այսպէս կայացաւ մեր միութիւնը: Հիմնական գաղափարն էր օժանդակել նաեւ Հայաստանի կացութեան. մենք յաջողեցանք 12 սկաուտական կորիզներ ունենալ տարբեր-տարբեր շրջաններու մէջ: Բոլորը սկաուտական էին, ոչ մարզական: Փորձ տարուեցաւ մարզական խումբեր ալ ապահովելու, սակայն աւելի արհեստավարժ հասկացողութիւն ունի մարմնամարզը Հայաստանի մէջ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու թիւի աճով եւ Հայաստանի մասնաճիւղերու անդամներու ներկայ թուային պատկերով՝ շեշտակի անհրաժեշտութիւն դարձած է յանձնառու պատասխանատուներու պատրաստութիւնը, որպէսզի ճիշդ ձեւով գործէ մեր միութեան կառուցային դրութիւնը:
Աշխատանք տարուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանի մեր կազմը ընդունուի միջազգային սկաուտական շարժումին մէջ: Այսօր Հայաստանի մեր կառոյցը ներառնուած է համաշխարհային սկաուտական կառոյցէն ներս Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. անունով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուշանածաղիկով:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- æաւախքի մէջ ունի՞նք կառոյց:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Հակառակ որ շատ աշխատանք տարած ենք æաւախքի մէջ կառոյց ստեղծելու ուղղութեամբ, առայժմ չենք կրցած այս ծրագիրը իրականացնել. դեր խաղացած են նաեւ նիւթական դժուարութիւններ: Ընդհակառակը, սակայն, Մոսկուայի մէջ շարժում ունինք. կը յուսանք որ հետզհետէ աւելի պիտի ծաւալի այդ կորիզին աշխատանքը:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ներկայիս Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական–սկաուտական գաղափարաբանութիւնը որքանո՞վ կը յուզէ երիտասարդները, գէթ այն ձեւով եւ սկզբունքներով, որ նախորդ սերունդները ջամբած էին:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Դժուար է իսկապէս գնահատել ներկայ պայմանները. մեր այսօրուայ աշխարհը մարդոց կը մղէ առանձնութեան: Միաժամանակ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը նուազած է երիտասարդութեան մօտ: Մենք, որպէս հայ, մեր շրջապատին մէջ ա՛յս կը տեսնենք եւ առօրեայ ճիգով կը դիմագրաւենք երեւոյթները. սակայն միջազգային առումով տագնապ մըն է հարցը: Անշուշտ կը համակերպինք նոր սիսթեմներու անպատեհութիւններուն, բայց պէտք է օգտուինք նաեւ ներկայի բարիքներէն: Մեր միութեան ողնասիւնը կը կազմէ սկաուտութիւնը, որ հայ անհատին մօտ պատանի տարիքէն կ’ապահովէ յաջորդական սերունդներու հայաշունչ դաստիարակութիւնը:
Սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդը հայ պահելու աշխատանք տարած ենք միշտ. մեր մատղաշ սերունդներուն փորձած ենք սորվեցնել յարգանքն ու սէրը մեր կառոյցներու աշխատանքին հանդէպ: Տարիներու ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարաբանութիւնը կայացած է ծառայելու եւ դիմացինին օգտակար ըլլալու սկզբունքին մէջ, ինչպէս նաեւ հայութիւնը պահելու եւ հայ ազգի արժէքները գերազանցօրէն պահպանելու առաջնահերթութեան մէջ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Գնահատելի է ձեր պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»ի հրատարակութիւնը, որ արհեստավարժ եւ բարձր մակարդակի կանոնաւոր դրութեամբ պարբերաթերթ է:
ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ.- Պէտք է ըսել, որ »Մարզիկ«ը մեր գուրգուրանքին առարկան է. վերիվայրումներ անցնելէ ետք, այսօր լաւ վիճակի մէջ է. բոլոր շրջանները կը գործակցին եւ բացի գործունէութեան արձագանգումէն, նաեւ միութեան գաղափարաբանութիւնը արտայայտող հրատարակութիւն է: Ձեր շրջանէն եղբ. Կարպիս Գույումճեան երկար տարիներէ ի վեր բծախնդրութեամբ կատարած է թղթակիցի պարտականութիւնը եւ չափազանցութիւն չէ եթէ ըսեմ, որ իր թղթակցութիւններուն ընդմէջէն հին թէ նոր «Մարզիկ»ները թղթատելով՝ կարելի է Յունաստանի գաղութի պատմութեան մասին լաւապէս տեղեկանալ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Շնորհակալ ենք: