ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Յովիկ Աբրահամեան երէկ հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համմըրպըրկի հետ:
Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին, զրուցակիցները քննարկած են Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի 1609 եւ 1620 բանաձեւերու կատարման ընթացքը, մասնաւորապէս անդրադառնալով կալանաւորներու իրաւական կարգավիճակին եւ Մարտ 1ի իրադարձութիւններու հետաքննութեան հետ կապուած հարցերուն: ԵԽ Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը վերոյիշեալ խնդիրներուն վերաբերեալ զեկոյց պիտի ներկայացնէ՝ Սեպտեմբերին մոնիթորինկի յանձնաժողովի նիստի ընթացքին:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հաստատակամ են Մարտ 1ի իրադարձութիւններու լիարժէք հետաքննութեան եւ մեղաւորներուն պատժելու հարցին մէջ: