«Սահակ-Մեսրոպ» հայ քրիստոնեայ վարժարանը մեծ յաջողութիւններով աւարտեց 2007-2008 տարեշրջանը։ Հաւատարիմ մնալով մեր սկզբունքներուն, պետական ուսումնական ծրագիրները անթերի ամբողջացնելու կողքին, մեր թանկագին սաներուն դասաւանդեցինք Աստուածաշունչը, հայոց լեզուն, դարաւոր պատմութիւնը եւ մշակոյթը։
Վարժարանը իր մանկամսուրէն մինչեւ տասներկրորդ դասարաններուն մէջ, այս տարի ընդունեց շուրջ 385 աշակերտներ։ Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, նոր տնօրէն Շահէ Կարապետեանը եւ փորձառու ու որակեալ ուսուցչակազմը միասնական ջանքերով կատարեցին ամէն բան ունենալու բազմաբեղուն տարեշրջան մը։
Մեր վարժարանը միշտ ձգտած է եւ յաջողած է իր սաներուն տալ բարձրորակ երաժշտական կրթութիւն։ Այս տարի եւս, մեծատաղանդ երաժիշտներ՝ ժաննա եւ Արտաշէս Սինանեաններու բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ առաւել եւս բարձրացաւ այդ մարզի մակարդակը։ Մեր աշակերտական նուագախումբերը, երգչախումբերը եւ մենակատարները յաճախ հիացուցին դպրոցական հաւաքներու ներկաները։
Տարեշրջանի ընթացքին, մեր մարզական շարժումը մեծ վերելք ապրեցաւ շնորհիւ վարժարանի նոր մարզական ղեկավար Թէք Տապպաղեանի եռանդուն աշխատանքին։ Անոր եւ այլ օգնական մարզիչներու առաջնորդութեամբ, մեր սաները մարզուեցան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի, «ՔԱՀԱՄ»ի ու Հ.Բ.Ը.Մ.ի կազմակերպած մրցաշարքերուն հասան մեծ նուաճումներու։
Քաջալերելով ընթերցասիրութիւնը, մեր աշակերտներուն տրամադրեցինք հայերէն եւ անգլերէն գիրքերով հարուստ գրադարան մը, իսկ Փետրուար ամսուն, «Սքոլասթիք» ընկերութեան եւ այլ հայկական գրախանութներու մասնակցութեամբ ունեցանք գիրքերու հնգօրեայ ցուցահանդէս-վաճառք մը։
Հայոց լեզուի ուսուցումը աւելի բարելաւուեցաւ փորձառու ուսուցիչներու մեր կազմին միացումով։ Որպէս նորութիւն, այս տարի սկսանք Հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու դասընթացքները։
Տարեշրջանի ընթացքին մեր աշակերտները առիթը ունեցան մասնակցելու բազմաթիւ այլ արտադպրոցական գործունէութիւններու: Վարժարանին մէջ ունեցանք նաեւ երաժշտական, թատերական եւ ասմունքի երեկոներ, արուեստի, գիտութեան աշակերտական ցուցահանդէսներ։
Յունիս 6ին տեղի ունեցաւ մեր նախադպրոցական բաժնի ամավերջի հանդէսը, «Թող բարգաւաճի մեր հայրենիքը» նշանաբանով։ Բացման խօսքը կատարեց նախադպրոցական բաժնի պատասխանատու Մէրի Իսկիկեան։ Մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստուած հանդէսի ընթացքին, մեր մանուկները հիացուցին հանդիսատեսները իրենց երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով։
Յունիս 13ին տեղի ունեցաւ վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, «Ոսկի Ձկնիկ» անուանումով։ Ծաղիկ դասարանի 25 աշակերտներ ստացան իրենց առաջին վկայականները։ Գեղարուեստական բաժինը դարձեալ ի յայտ բերաւ մեր փոքրիկներուն ունակութիւնները։ Գնահատելի էր պատասխանատու ուսուցչուհիներ Աշխէն Թիվալակեանի եւ Լիւսի Ստեփանեանի եւ Ժաննա Սինանեանի բծախնդիր աշխատանքը։
Վերջապէս, Յունիս 19ին, Փասատինայի Առաջին նազովրեցի եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նախակրթարանի, Միջնակարգի եւ, արդէն երկրորդ տարին ըլլալով, երկրորդականի բարձրագոյն բաժնի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Շրջանաւարտներու եւ ուսուցիչներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, 5րդ դասարանի սաները արտասանեցին «Հայ աշակերտին ուխտը» եւ «Դրօշակի հաւատարմութեան ուխտը»։ Լիւսի Ապաճեանի առաջնորդութեամբ հնչեցին զոյգ քայլերգները, որմէ ետք մեր սաները աղօթքով եւ բարի գալուստի խօսքերով ողջունեցին ներկաները։ Հինգերորդ դասարանցիները կատարեցին «Աղթամար» երգը, որմէ ետք տնօրէն Շ. Կարապետեան եւ դաստիարակներ Ս. Պատալեան եւ Թ. Պօքընուկըն դասարանի 30 շրջանաւարտներուն յանձնեցին վկայականները եւ պատուոյ ցանկի մրցանակները։
Ապա 8րդ դասարանի 27 աշակերտներ, տնօրէնէն եւ դաստիարակ Ա. Յակոբեանէն ստացան իրենց վկայականները եւ մրցանակները։
Օրուան գլխաւոր բանախօս՝ Այլին Պէզճեան իր խօսքին մէջ շրջանաւարտ աշակերտներուն խորհուրդ տուաւ յարատեւ աշխատիլ եւ ձգտիլ լաւագոյնին։
Ապա, տնօրէնէն եւ դաստիարակ Մ. Գրիգորեանէն, 12րդ դասարանի 9 շրջանաւարտներ ստացան իրենց դպրոցական աշխատանքին վարձատրութիւնը՝ վկայականները եւ մրցանակները։ Գնահատանքի արժանացան Սօնա Պատալեան, դպրոցէն մէջ երկար տարիներ իր կատարած անխոնջ աշխատանքին համար, եւ տնօրէն Շահէ Կարապետեան, նոր պաշտօնի վրայ իր առաջին տարին բացառիկ յաջողութեամբ աւարտելուն համար։
Երեկոն աւարտեցաւ «Հայր մերով» եւ վեր. Շանլեանի փակման աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Վարժարանի մեծ ընտանիքը աշխատանքի լծուած է յաջորդ տարեշրջանին նոր, աւելի ընդարձակ եւ արդիական վայր տեղափոխուելու աշխատանքներուն։
Այսօր կոչ կ’ուղղենք Փասատինայի եւ շրջակայքի հայ ծնողներուն, որպէսզի կատարեն նիւթական զոհողութիւններ եւ անպայման իրենց զաւակները վստահին հայ վարժարանին:
Քալիֆորնիոյ նահանգային պահանջներուն համապասխան ուսումնական ծրագրով գործող վարժարանը որակաւորում ստացած է WASC եւ ACSI կազմակերպութիւններէն։
Վարժարանի գրասենեակը բաց է ամրան ընթացքին։ Արձանագրութեան եւ այլ տեղեկութիւններու համար կրնաք անձամբ դիմել (626) 798-5020 թիւին: