ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ իրականացուած հետախուզական միջոցառումներու իբրեւ արդիւնք՝ բացայայտուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն թմրանիւթի անօրինական ներածումով զբաղուող օղակ մը: Անցեալ Ուրբաթ օր, Կապանի մէջ, թմրանիւթի հերթական խմբաքանակի ստացման պահուն ձերբակալուած է Երեւան քաղաքի բնակիչ՝ յայտնի թմրավաճառ, Աշոտ Զիլֆուգարեանը, որու սեփականութիւնը հանդիսացող «ՕՓԵԼ» մակնիշի ինքնաշարժի բեռնախցիկին մէջ յայտնաբերուած է 1950 կրամ աֆիոն տեսակի թմրանիւթ:
Թմրանիւթը, ըստ նախնական պայմանաւորուածութեան, նոյն օրը բեռնատար ինքնաշարժի պահեստային անիւի մէջ պահուած՝ Հայաստան տեղափոխուած էր Իրանի քաղաքացի Մեհդի Կալամլահի կողմէ՝ իր հերթական ուղերթի ժամանակ: Կալամլահ նոյնպէս ձերբակալուած է: Փաստի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ: Քննութիւնը կը վարէ Հայաստանի անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութիւնը: