ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պէյօղլուի «Լուսաւորի»չ Երգչախումբը, խմբավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի, Կրթական Նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած համերգային ծրագիրով մեկնեցաւ Անգարա 4-8 Յունիսին:
Երգչախումբը 33 հոգիէ բաղկացեալ կազմով՝ 5րդ անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանայ Անգարայի մէջ։ Փառատօնի յայտագիրին կը մասնակցէին 70 երգչախումբեր։
«Լուսաւորի»չ երգչախումբը յայտագիրին մասնակցեցաւ չորս երգերով. Կոմիտասէն՝ «Սուրբ, Սուրբ», Պախի «Արիա»ն, Նորվեկիական-ազերիական երգ՝ «Լա տէն Պրէնտէ», Մելիքեանէն՝ «Թըխ Կոնտա»։
Վերջին օրը կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը։ «Լուսաւորի»չ երգչախումբը, որ իր ելոյթով շատ գնահատուեցաւ, արժանացաւ բազմաթիւ մրցանակներու՝ հնչեղութեան համաչափութեան, ձայնի նոյնաձայն կշռոյթին եւ լսողական յաջողութեան համար։
Երգչախումբը յատուկ մրցանակի մը արժանացաւ փառատօնի կազմակերպման նեցուկ կանգնող ընկերութենէն՝ «Րիքորտ Փրօժէքսըն»էն։ Ինչպէս նաեւ անոր յանձնուեցաւ պրոնզեայ մրցանակ մը, հինգ տարի շարունակ այս փառատօնին մասնակցութեան համար։
Աւարտին, խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Մամիկոնեան յայտնեց, թէ այս փառատօնը առիթ է երգչախումբերու վերանորոգման, այլ երգչախումբեր լսելու եւ մշակուած երաժշտութիւններու մասին ընդհանուր գաղափար ունենալու համար։