ՍԱԱՏՆԱՅԷԼ, Լիբանան, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթիէն Երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Պեքաայի Սաատնայէլ եւ Թաալապայայի շրջաններուն մէջ տեղի ունեցան բախումներ ընդդիմադիր «Հըզպալլա»ի եւ իշխանամէտ «Մուսթաքպալ» հոսանքի հաւատարիմ զինեալներու միջեւ, որոնց ընթացքին գործածուեցան նոյնիսկ հրթիռներ եւ նռնականէտներ։ Բախումներուն ընթացքին առնուազն երեք հոգի սպաննուեցան, որոնցմէ երկուքը՝ Մարժ-Պարէլիաս ճամբուն վրայ:
Լիբանանեան բանակը միջամտելով կրցաւ երկու շրջաններուն մէջ կացութիւնը հակակշռի տակ առնել։
Նկարին մէջ, քաղաքացիներ կը զննեն Սաատնայէլի մէջ գտնուող իրենց բնակարանին կրած վնասները: