«Արմինիա Նաու» համացանցային լրատուի Յունիսի վեցին հրապարակած, Գայանէ Աբրահամեանի ստորագրութեամբ յօդուածի մը մէջ կը կարդանք տագնապեցնող զեկոյց մը՝ Հայաստանի կիներու ծանր վիճակի մասին։
Յօդուածագիրը կը մէջբերէ Հայաստանի տարածքին ապրող հազար վեց կիներու հետ կատարուած հարցախոյզի վիճակագրական տուեալները, որոնց հանդէպ կարելի չէ անտարբեր մնալ։
Ըստ այդ տուեալներուն, հարցախոյզին պատասխանող կիներուն քսանութ տոկոսը իրենց տան մէջ ենթարկուած են բռնութիւններու, տասնեօթ տոկոսը՝ ուղղակի ծեծի, իսկ վաթսունվեց տոկոսը՝ հոգեբանական ճնշումներու։
Հարցումներուն պատասխանողներուն վաթսուն տոկոսը համամիտ գտնուած է, որ Հայաստանի մէջ շատ մեծ տարածում ունին ընտանեկան յարկի տակ կիներու դէմ իրագործուող բռնութիւններն ու հալածանքները։
Այս հարցախոյզի ամէնէն տխուր ու վհատեցնող տուեալներէն է այն, որ կիները իրե՛նք հաշտուած են իրենց դէմ կատարուած բռնութիւններու փաստի հետ, կամ կ’արդարացնեն այդ բռնութիւնները՝ եթէ կինը անհաւատարիմ եղած է ամուսնոյն, կամ անուշադիր՝ զաւակներուն հանդէպ։
Ո՛չ մէկ ձեւով կրնանք արդարացնել ամուսնական անհաւատարմութիւնը կամ զաւակներու հանդէպ անհոգութիւնը։ Հայկական ընտանիքի մեր պատկերացումը խորթ է այդ երկուքին։ Սակայն, բռնութիւնը չի՛ կրնար պատասխանը ըլլալ ընկերային այդ ցաւալի երեւոյթներուն, եւ կարելի չէ հաշտուիլ անհատի մը դէմ բռնութեան գործածութեան, առաւել եւս՝ կիներու հանդէպ։
Լոս անճելըսաբնակ Թէրի Թրբանճեանի՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ հաստատած կեդրոնին կողմէ պատուիրուած այս հարցազրոյցը, մասնագէտներու համաձայն, տակաւին չի՛ ներկայացներ իրավիճակի իրական պատկերը, որովհետեւ հարցումներուն պատասխանողներու մէկ կարեւոր մասը յստակօրէն թաքցուցած է իրողութիւնները՝ ընտանիքի պատիւը չմրոտելու համար։
Ցաւով կ’արձանագրենք այս փաստերը, եւ տակաւին անցեալ շաբաթավերջին այստեղ, Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած ընկերային արդարութեան խնդիրներու քննարկման նուիրուած գիտաժողովի թարմ տպաւորութեան տակ, կը շեշտենք կարեւորութիւնը գործնական ծրագիրներու՝ մեղմելու, վերացնելու համար ընկերային անարդարութիւնները մեր երկրին մէջ, յատկապէս վերջ տալու հայ կնոջ դէմ բիրտ վերաբերմունքին, ամէնուր, ամէն ժամ։