Ձեր թերթին Ապրիլ 12-2008 թիւին «Օրը օրին» սիւնակին մէջ գրուած էր, թէ թրքական ապրանք մի գնէք:
Քանի մը տարիներ առաջ ալ այդ ուղղութեամբ նամակներ գրուած էին ձեր թերթին մէջ:
Զարմանալի է, թէ ինչո՞ւ երկու կամ հինգ տոլարի թրքական ապրանքներ չգնելու համար նամակներ կր գրուին կամ գրութիւն կը գրուի, երբ անդին հայ մարդիկ Թուրքիա կ’երթան ու հինգ հազար տոլար կը ծախսեն: Թրքական օդանաւային ընկերութիւններէն մինչեւ նուէրի խանութները ու անկէ ալ մինչեւ ձեռաձիր, ինչո՞ւ այդ մասին չի գրուիր, որո՞ւ գրպանը կ’երթայ այդ ամբողջ դրամը:
Քանի մը տարիներ առաջ, ձեր թերթին մէջ մէկը գրած էր, թէ միայն մէկ տարուան մէջ 600 հայեր տարած է Թուրքիա ու պտտցուցած, թուաբանութեան մէջ տկար ըլլալուս համար ձեզի կը դիմեմ, քանի՞ կ’ըլլայ 600×5000 տոլարը:
Ու տակաւին այդ ամէնէն առաջ ու իրմէ ետք կամ իրեն հետ կամ առանց իրեն քանի՞ հայեր Թուրքիա գացած են ու որքա՞ն պարարտացուցած անոնց գրպանները, ինչո՞ւ անոնց մասին բան չի գրուիր:
Ամբողջ Արեւմտահայաստանը իր ժողովուրդով, մշակոյթով ու պատմութեամբ կորսնցնելէն ետքը երկու տոլա՞րը հարց կ’ըլլայ:
Քանի մը փլատակ խորաններուն առջեւ մոմ վառելու համար պէ՞տք է այդչափ դրամ ծախսել, «Հայր մեր» ալ կ’երգեն եղեր, ազգային երգեր ալ, որո՞ւ հոգը, թուրքերուն հո՞գն է, թող երգեն, միայն թէ իրենց գրպանները թող պարարտացնեն:
Դեռ ծառ տնկող ալ եղած է, վաղը թէ միւսը այդ ծառին շուքին տակ թուրքերը թաւլի պիտի խաղան: Մեռելներու իբրեւ խաչ տնկողը թող երթար Տէր Զօրի անապատին մէջ տնկէր այդ ծառը:
Այդպէս կ’երեւայ, թէ թուրքերը մեզ չափէն աւելի սուր դանակով մորթած են այն աստիճան, որ դեռ մինչեւ հիմա չենք անդրադարձած, թէ մորթուած ենք:
ԱՐՄԷՆ ՀԱՆԷՍԵԱՆ