Պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներու համար բնական է, որ ամէն օր, ամէն վայրկեան հակառակորդին դէմ ամէն տեսակի զէնք օգտագործեն։
Միջազգային միջնորդութեամբ հաստատուած զինադադարի պայմաններու տակ, ճակատային գծի վրայ պարբերական կրակոցներն ու յարձակումները միայն մէկ երեսն են թշնամանքի այս արտայայտութեան։
Դիւանագիտական ոլորտի մէջ ամէնօրեայ կռիւ է՝ շրջանային ու միջազգային ատեաններու առջեւ։
Քարոզչական գետնի վրայ, ներքին թէ արտաքին սպառման համար շարունակական հրավառութիւն է՝ ներքին ճակատը ամրապնդելու, կորովը բարձրացնելու, իսկ թշնամին բարոյալքելու ռազմավարական նպատակով։
Ահա, ատրպեճանական մամուլի մէջ երէկ շրջագայող լուր մը. իբրեւ թէ, Աբովեանի հեռատեսիլէն հաղորդուած է, որ Կոտայքի շրջանի զինուորական հաւաքագրման յանձնաժողովի քննութեան ներկայացած ութ հարիւր զինակոչիկներէն հինգ հարիւրը առողջական խնդիր ունի եւ բանակի մէջ ծառայելու պիտանի չէ։
Ըստ Ատրպեճանական մամլոյ գործակալութեան, այս տարուան զինակոչիկները երկրաշարժէն ետք ծնած ու մութի ու ցուրտի պայմաններու մէջ մեծցած ըլլալով, լուրջ առողջական հարցեր ունին, յատկապէս մտային խանգարումէ եւ ջիղերու ու աչքի հիւանդութենէ կը տառապին։
Ուրեմն, վա՜յ Հայաստանին, Արցախին։ Նոր սերունդը հիւանդ է, բաւարար զինակոչիկներով բանակը համալրելու գործը օրէ օր անկարելի պիտի դառնայ ու վերջ, մօտակայ ժամանակներուն Արցախը եւ, ինչու չէ, նաեւ Հայաստանի մէկ մասը գրաւելը խաղ ու պար պիտի ըլլայ։
Այդ երազով ալ թող ապրի Ատրպէյճանի քաղաքացին, մինչեւ որ վերընտրէ իր տոհմական նախագահը, որ իր հետ այս անգամ բարօրութիւն, երջանկութիւն եւ համերաշխութիւն պիտի բերէ իր երկրի բնակչութեան։ Չէ՞ որ քարիւղի եւ բնական կազի պաշարները աւելի շատ են, քան նախապէս գնահատուած չափերը։
Մեր պատասխանը։
Հայաստանի հզօրացումը՝ բարոյապէս, նիւթապէս, քաղաքականօրէն, ամէն ձեւով, ամէն ինչով։