Լուրերու ծով է, թերթի մէջ տեղը եւ մանաւանդ ընթերցողի ժամանակը՝ սահմանափակ։ Խմբագրութեան խնդիրը լուրը ընտրելը, թարգմանելը, ամփոփելը, սրբագրելն ու տեղաւորելն է։
Միջազգային լրահոսէն կը քաղենք ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Իրաքի, Թուրքիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի մասին առանձնապէս քաղաքական բնոյթի տեղեկութիւնները։
Հայկական աղբիւրներէն, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը Հայաստանէն ծնունդ կ’առնեն, կ’ընտրենք նախ քաղաքական, մշակութային, ընկերային, տնտեսական եւ ընդհանրապէս հասարակական հնչեղութիւն ունեցող դէպքերու եւ ձեռնարկներու մասին տրուած լուրերէն։
Հետաքրքրութեան լայն շրջանակ եւ ահագին ժամանակ ունեցող անձը այսօր իր տան կամ գրասենեակին մէջ կրնայ փնտռել ու գտնել գրեթէ ամէն ինչ։
Մեր ծառայութիւնը հիմնականին մէջ շահեկան պիտի ըլլայ հետաքրքրութեան լայն շրջանակ, բայց սահմանափակ ժամանակ ունեցողներուն։
Այդ տեսակի անձերն են մեր մտապատկերին մէջ, որ մեզ կը մղեն ամէն օր նոր աղբիւրներ գտնել եւ ամէն օր զանոնք մեր տեսողութեան դաշտին մէջ պահել եւ անոնց մէջէն կարեւոր տեղեկութիւնները հաւաքել ու տալ «Ասպարէզ»ի էջերէն, կամ «Ասպարէզ» կայքէջէն։
Կենցաղային մակարդակի վրայ մեր ծառայութեան զուգահեռը կրնայ ըլլալ այն հանրախանութը, ուր յաճախորդը կրնայ գտնել ամէն ինչ։
Թերեւս այստեղ վերապահում մը պէտք է կատարենք։ Ամէն ինչը կ’անցնի մաղէ մը, որ պէտք է զտէ ազգային մեր արժէքներուն ու ընդհանրապէս արժէքային մեր համակարգին հարազատ անշուշտ այդ ամէն ինչը: