«Համազգային»ի «Անի» պարախումբը Շաբաթ, Մարտ 8ին, առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ Ֆինիքսի (Արիզոնա) մէջ, Նորթ Քենեըն հայ սքուլին մէջ հաւաքուած աւելի քան 700 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ:
Ձեռնարկը կազմակերպած էր ՀՕՄի Ֆինիքսի «Արարատ» մասնաճիւղը, հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ. վարչութեան:
«Համազգային»ի «Անի» պարախումբը հիմնուած է 1974ին, Լոս Անճելըսի մէջ, Քալիֆորնիա, ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ՝ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի:
Բարի գալուստի խօսքէն ետք, հանդիսավարը՝ ընկհ. Տընիս Դուրեան, հրաւիրեց «Արարատ» մասնաճիւղի ատենապետ ընկհ. Արշօ Սասունեանը, բացման խօսքը կատարելու: Ընկհ. Սասունեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց հայր Զաքարիա Սարիբէկեանին եւ ներկաներուն: Ան գնահատանքի խօսք ուղղեց ՀՕՄուհիներուն, Պարախումբի յանձնախումբին, Հ.Յ.Դ. «Գէորգ Չաւուշ» կոմիտէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, Հ.Ե.Դ. «Գետաշէն» մասնաճիւղին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ֆինիքս» մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ հովանաւորներուն, ներկաներուն եւ պատուոյ հիւրերուն՝ Պեքէլեան ընտանիքին, իրենց քաջալերանքին համար, որոնց շնոհիւ ձեռնարկը իրականացաւ:
Իր խօսքին մէջ, ընկհ. Սասունեան շեշտեց գաղութէն ներս ՀՕՄի կատարած մարդասիրական գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ 15 տարիներ առաջ հիմնուած Ֆինիքսի մասնաճիւղին դերը:
Յայտագիրը կը բաղկանար աւանդական եւ արդի, ինչպէս նաեւ թատերական պարերէ, ներկայացուած՝ Ճէյն Հաշօլեանի ձեւաւորած նրբաճաշակ տարազներով: Պարերը իրարմէ կը զանազանուէին իրենց իւրայատուկ ոճով, շարժումներով եւ պատգամներով: Ընտրուած պարեղանակները լաւագոյնս կը համընկնէին պարողներու շարժումներուն, ստեղծելով գեղարուեստական անգերազանցելի վայելչութիւն:
Ներկայացուեցան՝ «Հոյ Նազան», «Տօնական», պարերը, որոնց յաջորդեց «Ուզունտարա»ն, կատարողութեամբ Լանա Ճերեճեանի եւ Ռիմա Օկանէսեանի: Նաեւ, Ճիւան Գասպարեանի հայկական եղանակները, ինչպէս «Քուչա քուչա, սարի լալա», «Աշխմէտ»՝ մենապարող Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեան. եղանակ մը Մանսուրեանէն, կատարողներ՝ Թալին Գիզիրեան, Թինա Գիզիրեան, Մէրի Պալեան եւ Լենա Ճերեճեան: Մելինէ Մինասեան պարեց «Այ այլուղս», իսկ Ռիմա Օկանէսեան՝ «Սէրս տարին»: Այլ պարերու շարքին էին Արա Գէորգեանի «Տլէ եաման»ը, կատարողներ՝ Նանէ Չերաս եւ Գարիք Աթաբէկեան:
Դադարէն ետք յայտագրի երկրորդ մասով ներկայացուեցան «Ազգակռան»ը, «Գիւմրի»ն, «Կիլիկիա»ն, Սայեաթ Նովայի «Աշխարհումս»ը, կատարողութեամբ՝ Թալին Գիզիրեանի, Թինա Գիզիրեանի եւ Մէրի Պալեանի եւ «Շալախօ»ն, կատարողութեամբ Նազարէթ Թորոսեանի: Պարախումբն ու պարուսոյցները հաւասարապէս խանդավառուած էին իրենց ելոյթով եւ կը պարէին ուժականութեամբ ու տպաւորիչ կերպով: Անգամ մը եւս «Անի»ն ինքզինք գերազանցեց իր կատարողութեամբ, հանդիսատեսներուն ակնկալութենէն անդին անցնելով:
Ֆինիքսի ելոյթէն անկախ, «Անի» պարախումբը իւրայատուկ յաջողութիւն արձանագրած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ անկէ անդին: Պարախումբը չորս անգամ այցելած է Հայաստան եւ Ղարաբաղ եւ լաւագոյնս գնահատուած հանդիսատեսներուն կողմէ:
Այսպիսի յաջող երեկոյէ մը ետք, ՀՕՄի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու պարախումբի յանձնախումբի անդամները մնաք բարովի հաւաքոյթ մը կազմակերպեցին Հայ կեդրոնին մէջ, ուր խումբի անդամները մօտէն ծանօթացան շրջանի պատասխանատուներուն եւ ուրախ ժամանակ անցուցին մինչեւ առտուան կանուխ ժամերը: Հայկական գաղութը կ’ակնկալէ, որ «Համազգային»ի «Անի» պարախումբը այլ ելոյթով մը դարձեալ այցելէ շրջանը եւ կը շնորհաւորէ մօտ օրէն նշելի պարախումբին 35րդ տարեդարձը: «Անի» պարախումբին յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 23, 2008ին, Լուիզիանայի Պաթոն Ռուժ քաղաքին մէջ: