ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Կազան իր հակակշռին տակ առած պաղեստինեան «Համաս» շարժումի անդամ վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ Չորեքշաբթի, Մարտ 12ին յայտարարեց, թէ «Համաս» պատրաստ է զինադադար հաստատելու Իսրայէլի հետ, եթէ իսրայէլեան կողմը ընդունի կուսակցութեան սահմանած պայմանները:
Հանիյէի համաձայն, Իսրայէլ պէտք է անմիջապէս կասեցնէ Կազայի դէմ իր զինուորական գործողութիւնները, պէտք է վերջ մը դնէ տնտեսական շրջափակումին եւ պէտք է վերաբանայ Կազայի հետ սահմանները:
Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Իսրայէլ համաձայնած է Կազայի դէմ նոր յարձակումներու չդիմել, եթէ պաղեստինցի զինեալները դադրեցնեն Կազայէն Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումները։
Պայմանական համաձայնութիւնը գոյացած էր Եգիպտոսի հետ, որ խաղաղութեան գործընթացը վտանգած բռնարարքներէն ետք կը ջանայ զինադադարի հաստատման եւ Կազայի շրջափակման վերացման համար համաձայնութիւն մը գոյացնել։
Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող պաշտօնատարը յայտնեց, որ մինչ Իսրայէլ համաձայնած է լայնածիր յարձակում մը չգործել, ան իրեն կը վերապահէ հարկ եղած պարագային յատուկ թիրախներ հարուածելու իրաւունքը։ Պաշտօնատարը նաեւ ըսաւ, թէ Եգիպտոս իր կարգին համաձայնած է «իր կարելին ընել՝ դէպի Կազա զէնքերու մաքսանենգման արգելք հանդիսանալու համար»։
Զինադադար հաստատելու ջանքերը աշխուժացան, երբ ամերիկացի եւ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ «Համաս»էն եւ «Իսլամական ճիհատ»էն պատուիրակութիւններ անցեալ շաբթուան ընթացքին Եգիպտոսի մէջ անջատ բանակցութիւններ վարեցին։
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Երկուշաբթի օր յայտնած էր, որ զինադադար հաստատելու գծով սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է։
Իսրայէլ կը յայտնէ, որ 133 պաղեստինցիներու եւ 5 իսրայէլացիներու սպանութեան պատճառ դարձած բռնարարքներէն ետք, վերջերս Կազայի դէմ յարձակումներ չէ գործած։ Իսրայէլ նաեւ ականատես դարձած է Կազայէն հրթիռարձակումներու նկատառելի նուազումին։
Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ Երեքշաբթի օր զգուշացուցած է, որ հրթիռարձակումները կրնան վերսկսիլ, եւ յարձակումի ենթարկուելու պարագային Իսրայէլ պիտի հակադարձէ:
Ըստ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը, Օլմերթ ըսած է, որ Կազայի զինեալները «կը վնասուին, երբ զիրենք յարձակումի կ՚ենթարկենք եւ իրենք եւս իրենց հաշուարկները կը կատարեն, սակայն այդ չի նշանակեր, որ յարձակումներու պիտի չվերսկսին»։
Իսրայէլ, Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական միութիւն «Համաս»ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատեն ու կը փորձեն մեկուսացնել Յունուար 2006ին պաղեստինեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած կուսակցութիւնը: Սակայն, Ուաշինկթըն Գահիրէն քաջալերեց միջնորդութիւն կատարելու՝ մեկնելով այն մտավախութենէն, որ Կազայի մէջ վերջերս արձանագրուած արիւնահեղութիւնը կրնայ տապալել Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը վայելող եւ Նոյեմբերին ձեռնարկուած, սակայն աննշան յառաջդիմութիւն արձանագրած խաղաղութեան բանակցութիւնները։
Եգիպտական խորհրդարանի ազգային ապահովութեան յանձնախումբի նախագահ Մուհամմատ Պասիունի Երկուշաբթի օր յայտնեց, որ Եգիպտոս աշխատանք կը տանի ամբողջական նախաձեռնութեան մը ուղղութեամբ, որ պիտի ներառէ զինադադար, Կազայի դէմ իսրայէլեան շրջափակման վերացում, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ գերիներու փոխանակում։
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Իսրայէլ եւ Գահիրէ նաեւ աշխատանք կը տանին՝ արտօնելու համար Եգիպտոսին, որ կրկնապատկէ Կազայի հետ 14 քիլոմեթր սահմանին վրայ տեղակայուած 1500 ոստիկաններուն թիւը։ Այս քայլին դիմելու համար կարիքը կայ բարեփոխելու 1979ին Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ կնքուած խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ Սինայի թերակղզին ապազինեալ գօտի հռչակած էր։
Կազայի զինեալները Յունուարին Եգիպտոսի հետ սահմանին վրայ գտնուող պատին վրայ յարձակելով անցքեր բացին՝ արտօնելով, որ հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներ ուղղուին Եգիպտոս՝ պարենաւորուելու համար։