ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Նախագահ Քոչարեանի՝ Մարտ 13ի հրամանագիրով արտակարգ դրութեան պայմաններուն լրատուամիջոցներու գործունէութեան սահմանափակումներու մեղմացումէն յետոյ, այսօր, Մարտ 14ին կը վերսկսին հրատարակուիլ «Առաւօտ», «168 ժամ», «Հայք» եւ «Հայկական ժամանակ» թերթերը:
Յայտնենք, որ յիշեալ թերթերը եւ կարգ մը լրատուական միջոցներ իրենց հրապարակումը դադրեցուցած էին իրենց կամքով՝ Մարտ 1ին արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին նախագահի հրամանագիրի հրապարակման յաջորդ օրը: