ԵՐԵՒԱՆ.- «168 ժամ» թերթը կը յայտնէ, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սէյրան Շահսուվարեանի համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութեան օրը, Ապրիլ 9ին, Ազատութեան հրապարակի վրայ բանակը ծիսակարգային զօրահանդէս պիտի կազմակերպէ։
«Ա1 փլիւս»ի թղթակիցէն քաղելով իր տեղեկութիւնը, թերթը կը յայտնէ, որ այս զօրահանդէսին պիտի մասնակցին ութ տարբեր զօրատեսակներ։ Հրետանի, հրասայլեր եւ օդուժ մաս պիտի չկազմեն հանդէսին։
Շահսուվարեանի համաձայն, զօրահանդէսին մասնակցող զինուորները զէնք պիտի կրեն, սակայն անոնց զէնքերը կրնան դատարկ ըլլալ։
Զօրահանդէսը կազմակերպուած է նախագահական պալատի կողմէ, որ իրեն վերապահած է Ազատութեան հրապարակ մտնելու եւ զօրահանդէսը դիտելու թոյլատրութիւն տալու իրաւունքը։