«Ասպարէզ»ի լրատուական առաքելութեան արժեւորման փորձ մըն է այսօրուան սիւնակի հետապնդած նպատակը։ Գոնէ սկիզբ մըն է այդ ուղղութեամբ։
Ելեքտրոնային տեղեկատուական դաշտը այնքան արագ եւ այնքան մեծածաւալ կը զարգանայ, որ հսկայական միջոցներ ունեցող թերթեր իսկ դժուարութիւն կ’ունենան մրցելու անոնց դէմ։
Հասկնալի է, որ թերթերը կենաց մահու կռուի մէջ են՝ արդարացնելու իրենց գոյութիւնը իրենցմէ շուտ մարդոց հասանելի դարձած լրատուական աղբիւրներու դէմ։ Կենաց մահու, որովհետեւ իրենց գոյութիւնն իսկ անհեթեթ կրնայ դառնալ, եթէ տակաւին մարդիկ չըլլան, որոնք աւանդութեան, սովորութեան կամ այլ զգացական պատճառներով կը պահեն թերթի իրենց բաժանորդագրութիւնը։
Հայկական իրականութեան մէջ հաւանաբար աւելի ծանր կը կշռէ թերթի բաժանորդ դառնալու կամ բաժանորդագրութիւնը պահելու զգացական գործօնը, հայկական մշակոյթին, կամ հայերէն լեզուին հետ հաղորդակից մնալու ներքին պահանջը։
Բայց անշուշտ այդ գործօնը առանձին չի կրնար բաւարար բաժանորդ ապահովել թերթին՝ տնտեսապէս երաշխաւորելով անոր գոյատեւումը։
Հաւաքական զոհաբերութեամբ, կազմակերպութեան մը կողմէ թերթի բացը գոցելու մշակոյթը ամէն օր հարցականի կ’ենթարկուի նոյն կազմակերպութեան հետզհետէ աճող գործնապաշտ անդամներու կողմէ եւ հաւանաբար այդ մարդիկ իրաւունք ունին։ Միշտ կայ մրցակից ծրագիր մը, որ աւելի ապագային կը նայի եւ որու օգտակարութեան գործակիցը կրնայ աւելի մեծ ըլլալ։
Թերթի աշխատողներուն ու պատասխանատուներուն կը մնայ ամէն օր վերարժեւորել իրենց բռնած գործի այժմէականութիւնը եւ փորձել հետաքրքրական նորամուծութիւններով կենսունակութիւն ապահովել իրենց զինուորագրուած հրատարակութեան։
Այսօր կ’անդրադառնանք միայն «Ասպարէզ»ի լրատուական բաժնի առջեւ դրուած խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ տարուած ճիգին։
Այդ խնդիրներէն ամէնէն կարեւորը առկայ լրատուական հսկայական դաշտի մէջ մրցակից, ընդգրկուն ու կենսունակ մնալն է՝ հնարաւորինս արագ ու ամբողջական տեղեկութիւն հասցնելով ընթերցողին։
«Ասպարէզ» այսօր ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ այդ խնդիրները։ Այսինքն մեր ներքին խոհանոցը կը ներկայացնենք վաղուան մեր սիւնակով։