Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին, Լոս Անճելըսի պահանջատէր հայութիւնը Ապրիլ 24ին իրականացուց շարք մը ձեռնարկներ՝ շեշտը դնելով միասնականութեան, արդար հատուցում ապահովելու եւ ուրացման դէմ դնելու ջանքերուն վրայ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբին, Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴին կազմակերպած նախաձեռնութիւնները տպաւորիչ պատգամ մը փոխանցեցին այս նպատակներուն նուիրուելու պատրաստակամութեան գծով։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան շեշտեց, թէ Ապրիլ 24ը միայն սգալու օր չէ, այլ նաեւ անյապաղ գործի անցնելու եւ շեշտելու, որ նոյնիսկ յիշելը դիմադրութեան միջոց մըն է եւ գիտակցելու, որ միասնականութիւնը մեր ուժն է։


Օրը սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցած աղօթքով եւ ծաղկեպսակներ զետեղելու արարողութեամբ, որուն մասնակցեցան կրօնական եւ համայնքային ղեկավարներ, պետական պաշտօնատարներ եւ հարիւրաւոր հայորդիներ։
Յետմիջօրէին, ՀԵԴի առաջնորդութեամբ, Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի տարեկան ցոյցը, որուն մասնակցողները անգամ մը եւս պահանջեցին Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, որ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։


Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Ղազարեան շեշտեց, թէ պայքարը միայն յիշելու համար չէ, այլ դիմադրելու, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ Սփիւռքի տարածքին, յոյժ կարեւոր նկատելով պայքարին շարունակականութեան ապահովումը։
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ասթինէ Սիւլէյմէնեան յայտարարեց, թէ Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցածը ոչ թէ հակամարտութեան մը հետեւանք էր, այլ ամբողջ ազգ մը բնաջնջելու կազմակերպուած գործողութիւն մըն էր եւ համայն աշխարհը տեղի ունեցածը իբրեւ ցեղասպանութիւն պէտք է ճանչնայ։
