ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, թէ Շաբաթ, 26 Ապրիլին, ՀՅԴ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան ընդունեց Քիւրտիստանի Ազգային միութիւն կուսակցութեան բանբեր Հեմըն Մամրաշը, որ Հայաստան այցելած էր՝ գլխաւորելով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին նուիրուած ոգեկոչումին:
Հանդիպումին ընթացքին, զրուցակիցները շեշտեցին հայ-քրտական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական կացութիւնը եւ անոր անդրադարձը երկու ժողովուրդներուն վրայ:
Իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու անդամ ղեկավարներ՝ զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ երկու կուսակցութիւններու փոխյարաբերութիւններուն եւ զանոնք ընդարձակելու կարելիութեան:

Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր քաղաքական գործիչին` յատուկ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով պատուիրակութեան մը հետ Երեւան այցելելուն համար, որ ինքնին երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ապացոյց է:
Մամրաշ փոխադարձաբար ընդգծեց, որ քիւրտ ժողովուրդը մեծ սէր եւ յարգանք կը տածէ հայ ժողովուրդին հանդէպ, կ՛ուրախանայ անոր յաջողութիւններով եւ կը ցաւի անոր կորուստներուն համար:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շփումները շարունակելու եւ յարաբերութիւնները խորացնելու յառաջիկայ ճիգերուն ուղղութեամբ: