Կ՛ուզենք ուրախութեամբ յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ սիրով ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին` Զարեհ Պէզիքեան եւ անոր դուստրը՝ Անին, յանձն առին կաթողիկոսարանին մէջ Պէզիքեան անունը կրող բազմանպատակ կեդրոնի մը կառուցման բարերարութիւնը: Զարեհ Պէզիքեան այս օրինակելի բարերարութիւնը կը կատարէ՝ իբրեւ արտայայտութիւն իր ծնողաց, Ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու նկատմամբ ունեցած սիրոյն ու երախտագիտութեան:
«Պէզիքեան» կեդրոնը պիտի ներառէ`
1) Հանդիսասրահ մը՝ շէնքին գետնայարկը եւ առաջին յարկը. անիկա պիտի բաղկանայ 500 աթոռներէ:
2) Բազմանպատակ սրահ մը՝ երկրորդ յարկին վրայ. անիկա պիտի ներառէ շուրջ 300 անձեր:
3) Համագումարներու սրահ մը՝ երրորդ յարկին վրայ. անիկա պիտի ունենայ 200 աթոռներ: Համագումարի սրահին կից պիտի կառուցուի 30 անձեր ներառող ժողովասրահ մը:
4) Վեհափառ հայրապետին յատուկ աշխատասենեակ մը, հիւրասենեակներ եւ պաշտօնական հիւրասիրութեան յատուկ սրահ մը՝ չորրորդ յարկին վրայ:
5) Ներքնայարկը պիտի բաղկանայ զանազան ձեռնարկներու, տօնակատարութիւններու եւ հանդիպումներու նախապատրաստութեան յատուկ սենեակներէ:
Բոլոր սրահները եւ սենեակները պիտի օժտուին իրենց գործածութեան հետ առնչութիւն ունեցող անհրաժեշտ սարքաւորումներով ու լայն կարելիութիւններով:
Շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին անմիջապէս, եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 19 Սեպտեմբեր 2026ին:
Շինութեան ճարտարապետը Վազգէն Չէքիճեանն է: Շինարարական յանձնախումբի անդամներն են՝ Գրիգոր Մահսէրէճեան (ատենապետ), Տաճատ եպս. Աշըգեան, Յակոբ Գըլպաշեան, Վահէ Գալինճեան, Ալեքս Գարապաճագեան եւ Յակոբ Լուսարարեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
Անթիլիաս, 15 Ապրիլ 2025