
Մերտինեան վարժարանի Հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանին յաջորդ տնօրէնը նշանակած է Արփի Աւանէսեան Իտոլորը, որ այդ պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Յուլիսին։
Ներկայի ժամանակաւոր տնօրէն Շողեր Շանոյեան յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի ստանձնէ տնօրէնի օգնականի պաշտօնը։
Կրթական մարզին մէջ առաւել քան 20 տարիներու փորձառութիւն ունեցող Աւանէսեան Իտոլոր նախապէս եղած է ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնը եւ ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ դասանիւթերու պատրաստութեան, ռազմավարական ծրագրումի, անձնակազմի զարգացման, խորհրդատուութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ։