
Արցախցիները 13էն 14 Ապրիլին հաւաքուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Գլխաւոր դատախազութեան շէնքերուն առջեւ՝ պահանջելով քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի պատժեն իրենց նկատմամբ ատելութիւն քարոզողները եւ ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւնները:
«Կայ շատ մեծ վախ, որ այս քարոզուող ատելութիւնը կարող է շատ աւելի հեռուն տանել, եւ ես չեմ վախենայ ասել, որ մի օր տանի եւ հասցնի մեզ եղբայրասպանութեան, ինչը խայտառակ վիճակ է», ըսաւ մասնակցողներէն մէկը։
«Օրինակներից ամենավառը, ցաւալին ինձ համար այն է, որ իշխանութեան գլուխ գործոցները, որ նստած են կառավարութեան շէնքում, հէնց իրենք են ատելութեան խօսքը տարածում», աւելցուց ուրիշ մը։
Մասնակցողները ունին այն համոզումը, որ ատելութիւնը կը հրահրեն իշխանութեան բարձր օղակները՝ գլխաւոր դատախազութենէն պահանջելով քրէական գործ յարուցել: Անոնք ներկայացուցին յանցագործութեան վերաբերեալ օրինակներու երկար ցանկ մը. անոր մէջ կան «Քաղաքացիական Պայմանագիր» անդամներ, իշխանութեան սատարող պլակըր մը եւ կեղծ օգտատէրեր:
Ցուցարարները արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեցին, որ կառավարութիւնը յստակ քայլերու ձեռնարկէ՝ Արցախ վերադառնալու իրաւունքը միջազգային ատեաններուն մէջ յառաջ մղելու համար:

Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու պաշտպանութեան ու վերադարձի հարցերն ալ կային արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցուած պահանջագիրին մէջ:
Հաւաքին մասնակցողները պահանջեցին, որ կառավարութեան ջանքերով Մինսքի խումբը սկսի Արցախի հակամարտութեան լուծման խաղաղ գործընթացին եւ ապահովէ արցախցիներուն վերադարձը:
«Խիստ դատապարտելի է, որ Արարատ Միրզոյեանը կը լինի, Նիկոլ Փաշինեանը, թէ պաշտօն զբաղեցնող կոնկրետ (յստակ) անձինք, Արցախի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան այդ մեխանիզմները (գործիքակազմերը) վիժեցնում են եւ դա դարձնում են բանակցութիւնների, սակարկման առարկայ», ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար, Արցախի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան:
Մինսքի խումբը լուծարելու պատրաստակամ իշխանութիւնը 2021ին կուսակցական ծրագիրով կը խոստանար վերադարձնել բռնագրաւուած Հադրութը եւ Շուշին: Բողոքի ցոյցին մանսակցողները այդ ծրագիրը այրեցին նախարարութեան մօտ, դիմումները յանձնելէ ետք հեռացան, ոչ մէկ պաշտօնեան անոնց մօտեցաւ։