ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Երբ պատանեկան հին օրերը վերյիշելու ըլլանք, ներկայի գիտական յառաջդիմութեան հետ բաղդատած, կարծէք քարէ դարուն մէջ կ՛ապրէինք ու կը խարխափէինք…
Ա՜յ մարդ, գիտութիւնը ինչքա՜ն առաջ գնաց ու մեր սերունդը ինչքա՜ն ետ մնաց: Նոյնիսկ մեզմէ անոնք որոնք, իրենց գործին բերմամբ կամ գրական ստեղծագործական իրենց ջանքերուն ու նախասիրութեան առընթեր, փորձեցին քայլ պահել նորայայտ գիտութեան հետ, տարիքի բերմամբ դժուար եղաւ, չըսելու համար անկարելի դարձաւ հետեւիլ այդ բնագաւառէն ներս ամէն օր յայտնուող նորարարական «թրէնտ»ին կամ նորաստեղծ ու նորաձեւ շարժումներու ընթացքին: Ներկայ շրջանին, կարգ մը յառաջադէմ ծնողներ, չեն խպնիր իրենց 5-6 տարու զաւակներուն տրամադրութեան տակ դնել արդի գիտութիւններու ընձեռած ու անոնց նախասիրած մանկական խաղերու ու ծրագիրներու համացանցային դիւրամատչելի միջոցները: Սակայն երբեմն ալ այդ ծրագիրները զուտ մանկականէն դուրս սպրդելով անոնց տարիքէն վեր եղողներու ծրագիրներու լաբիւրինթոսային տարածք կը խիզախէ…
Ու երանի արդի գիտութեան գործած աւերը անչափահասներով սահմանափակուէր: Հապա՞ նոր սերունդի, երկսեռ պատանիներու երբեմն մոլեռանդութեան հասնող ներգրաւուածութիւնը ու գիշեր ցերեկ պարապմունքը իրենց բջիջայինի վրայ:
Արդեօք միայն պատանիներն ու երիտասարդները վարակուած են նորարար գիտութեան ընձեռած հաճոյքներէն:
Հին օրերուն, երբ որեւէ սպասման սրահ ոտք դնէիր ու ներկաներուն վրայ ակնարկդ պտտցնէիր, ամէն կողմ գիրք, թերթ, պարբերական ընթերցող, ամէն տարիքի ու ցեղի երկսեռ հասարակութեան կը հանդիպէիր:
Կ՛արժէ այդ ենթահողի վրայ հետաքրքրական դէպք մըն ալ վերյիշել, որ տարիներ առաջ Լոս Անճելըս բժիշկիս սպասման սրահը պատահեցաւ: Դիմացի շարքը նստած զոյգ մը հայ երիտասարդներէն մին՛ «Ասպարէզ »ը կը թերթատէր․ յանկարծ նայուածքը վրաս սեւեռեց ու ընկերոջը դառնալով թերթին բաց էջը ցոյց տուաւ անոր ու այս անգամ, երկուքը միատեղ հետաքրքրութեամբ դարձեալ զիս վերէն վար չափեցին: Ապա, նոյն երիտասարդը ինծի մօտենալով թերթին մէջի յօդուածիս ընկերացող լուսանկարը ցոյց տուաւ, առանց հետաքրքրութիւնը քօղարկելու, յարմար տեսաւ հարց տալ եթէ իսկապէս ե՛ս էի գրութեան հեղինակը: Եղածը կատակի տալով՝ «չէ երկուորեակ եղբայրս է …» ըսի, զրուցակիցիս դէմքին ծիծաղախառն ժպիտ մը արձակելով, պահ մը ետք ընդունելով համար ճշմարտութիւնը: Յետոյ, իր աթոռը վերադառնալով, ան սկսաւ լարումով ընթեռնել գրութիւնս:
Այժմ հարց կու տամ… Ո՜ւր են երանելի այդ օրերը: Ըստ Լոս Անճելըսի այդ օրերու հայ բժիշկիս, որուն անունը դիտմամբ զանց կ՛առնեմ, ներկայիս բուժումի համար իրեն խնամքին դիմող ամէն տարիքի հիւանդները, հազիւ անոր առանձնասենեակը ոտք դրած, ցոյց տալու համար իրենց ամենագէտի շնորհը, կը սկսին բժիշկի տեղ իրենք վերլուծել ու դաստիարակել կեանք մը ամբողջ բժշկութիւն սերտած ու զանազան համալսարաններէ վկայականներու արժանացած գիտութեան մարդը:
– Եթէ, ըստ պաշտօնիս, այդ երանելիներուն ձաբռտուքները մտիկ ընել ստիպուած չըլլայի,- խոստովանեցաւ հէք բժիշկը,- ես ինձմէ ելած պիտի հարց տայի՛ – յարգարժան պարոն կամ տիկին ամենագէտ, եթէ վարակուած հիւանդութեանդ բուժմանը գիտակից ու վերահասու էիր… հապա ինչո՜ւ զիս ժամավաճառ կ՛ընես…
Ասոնք երեւակայական բամբասանքներ չեն, այլ ներկայ գիտութեան ստեղծած շատ անգամ հրաշագործ, սակայն երբեմն ալ ոչ այնքան հրեշտակածին մարդկանց ոդիսականը:
Նոյնիսկ եկեղեցի՛ն, սուրբ արարողութեան ատեն, ներկաներէն ամէնէն յանդուգնը, յանկարծ բջիջային գործիքը ձեռին, կը սկսի նկարել արարողութեան այս կամ այն մասնիկն ու այդ օրուան նշանաւոր դերակատարները: Այո, ամէն մարդ վարպետ լուսանկարիչ դարձած է իր իրաւունքին մէջ: Լաւ որ Փարիզէն վկայուած արհեստավարժ լուսանկարիչ հայրս, ողջ աչքերով չտեսաւ ներկայ այլանդակութիւնը:
Այո, ինչպէ՜ս գրութեանս մուտքին ակնարկեցի, ներկայ դրութեամբ, նոր սերունդը խօսիլն ալ պիտի մոռնայ: Անոնք նոյն սեղանի շուրջ իրարու դէմ նստած, ձեռները բջիջային, իրարու հետ կը զեկուցեն մատներու ճարտար շարժումով, նոյնիսկ պահ մը առանց իրարու երեսին յառելու իրենց նայուածքը:
Ռիչմընտ, Վըրճինիա