Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երբ ՔՊական իշխանութիւններու աղէտալի «նուաճումներուն» մասին խօսք ըլլայ, ընդհանրապէս լուսարձակի տակ կը բերուին քաղաքական-դիւանագիտական, պաշտպանական, տնտեսական, արցախեան թղթածրարի եւ նման հրատապ հարցեր: Վերջերս, այս «թղթածրար»ին մէջ տեղի ունեցած է ուշագրաւ յաւելում մը՝ ֆութպոլի ազգային խումբին տրտմեցնող արդիւնքները: Անոնք՝ որ կը հետեւին մարզական կեանքին, կրնան վկայել, որ խորհրդային օրերու խումբին շուքն իսկ չէ մնացած, իսկ վերանկախացած Հայաստանի մէջ եթէ ատեն-ատեն որոշ փայլատակումներ կ՛արձանագրուին, անոնց կը հետեւին անկումներ եւ նահանջներ: Այս մարզախաղը հիմա կը նկատուի ՔՊականներու ձախաւերութիւններուն մէկ հարազատ հայելին (բարեբախտաբար անհատական մարզաձեւեր չեն վարակուած այս ախտով, հայ ծանրաբարձներ, ըմբիշներ բարձր կը պահեն անցեալի համբաւաւոր մետալակիրներու բարձրացուցած դրօշը):
Ցաւցնող քննարկումներ տեղի կ՛ունենան այս տագնապին շուրջ, մարզասէրները գլխաւոր պատասխանատուն կը նկատեն ո՛չ թէ մարզիչն ու մարզիկները, այլ «ձուկին գլուխը»՝ ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արմէն Մելիքբեկեանը (հաւանաբար անոր կողքին կամ ՔՊանմաններ): Վերջինը, իրեն ուղղուած քննադատութիւններուն պատասխանելու համար, Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլին մամլոյ ասուլիս մը հրաւիրեր է եւ, ըստ երեւանեան լրատուամիջոցներու՝ յանցանքին բեռները բաժնած է բոլորին ուսերուն, բացի իրմէ, եւ աւետած. «Պիտի չհրաժարի՛մ»: Ճի՛շդ ու ճիշդ… փաշինեանական մանրանկար մը:
Մելիքբեկեան քանի մը տարի առաջ արձագանգած էր ՔՊապետին այն յոխորտանքներուն, թէ Հայաստանի հաւաքականը շուտով մասնակից պիտի ըլլայ աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականներուն: Հիմա, անոր խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, որ ֆութպոլի նշաձո՛ղն ալ բաւական իջած է (արդեօք հո՞ն ալ թուրք-ատրպէյճանական պահանջներ կան…):
***
Ընթերցողս հաւանաբար կրնայ հարց տալ. «Հիմա Հայաստանի բոլոր տագնապները լուծման ճամբաներ գտած են, մնացինք ֆութպոլի՞ն»: Պատասխանը «պահուըտած» է առածի կարգ անցած ասացուածքի մը մէջ. «Ուղտին հարցուցեր են. վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է, պատասխաներ է. ո՞ր տեղս շիտակ է որ…»:
Ճի՛շդ է. Հայաստանի գլխուն կախուած են ահաւոր վտանգներ, նորագոյնը՝ սահմանամերձ դարձած գիւղերու վրայ ատրպէյճանական կրակոցներուն՝ Սիւնիքէն դէպի Գեղարքունիք եւ այլուր «զբօսաշրջութիւնն» է (այս դերը ցարդ առաւելաբար վերապահուած էր եւրոպացի դէտերուն): Պաշտօնական Երեւանը դրօշի վերածած է «մենք չենք կրակեր, ատրպէյճանական կողմը կը ստէ» յանկերգը, ժողովուրդը կը մխիթարէ, որ կրակոցները (ցարդ) մարդասպանական բնոյթ չունին, ինք վճռած է որեւէ ձեւով չպաշտպանել հայկական հողերը (չցանկագրենք սնամէջ պատճառաբանութիւններն ու ինքնարդարացման փորձերը): Իսկ եթէ հարց տաք՝ կրնան պատասխանել. «Ասկէ աւելի ի՞նչ կ’ուզէք», առանց անդրադառնալու, որ ամէն օր իրենց անկարողութեան եւ անատակութեան փաստերու թղթածրարը կը հարստացնեն:
Սակայն կայ այլ խորք մը. Հայաստանի ֆութպոլը, ճատրակը, ուժային մարզանքները, ո՛չ միայն ըմբշամարտ եւ ծանրաբարձութիւն, այլեւ երկար ոստում, օղակներ, մինչեւ իսկ «համեստ» փինկ-փոնկը երկար ատեն եղած են հայ երիտասարդը ուրախացնող, Հայաստանի դրօշը ծածանող, մետալներու հասցնող հպարտանք: Ինչո՞ւ մոռնալ արուեստներու եւ գիտութեանց աշխարհները…
Եւ ինչպէս որ մարզախաղերն ու հոն ձեռք բերուած լաւ արդիւնքները չեն մնացած զուտ մարզական հայեցակէտի դաշտին մէջ – սա հայկական իւրայատկութիւն չէ, ամէն երկիր ու ժողովուրդ ազգային հպարտանքով կը դիմաւորէ ու կը տօնէ իր մարզիկներուն յաղթանակները, նուաճումները -, հայն ալ մարզախաղերուն հետեւած է ճակատը բարձր պահելու կամքով ու ԱԶԳԱՅԻ՛Ն ՆՈՒԱՃՈՒՄի խանդավառութեամբ:
Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ֆութպոլի հաւաքականի երկնակամարին վրայ, հարազատ մէկ տարբերակն է քաղաքական-ապահովութեան վիճակին: ՔՊականներու հոգն իսկ չէ, թէ Արցախը կորսնցուցած ենք, Հայաստանէն մասնիկներ իրենց ձեռքով «նուէր» տուած են ատրպէյճանցիներուն (ՔՊական մը նոյն օրը կը յոխորտար, որ եթէ Սիւնիք-Կապան ճամբէն չի կրնար երթեւեկել, կրնայ այդ ընել Տաթեւի ձորերը իջնել-ելլելով…): Եւ սա՝ «նոր Հայաստան»իկը շուկայի մէջ իբրեւ աժան ապրանք ծախելու մտայնութեամբ, հոգեբանութեամբ: Պատմութենէն եկած ի՜նչ հպարտանք, իրաւունքներու պաշտպանութեան ճամբուն ձեռք բերուած ի՜նչ յաղթանակներ ու նուաճումներ, Ի՜ՆՉ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, Ի՜ՆՉ ԴԱՏ, Ի՜ՆՉ ԱՆՎԻՃԵԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: Հիմա տիրապետող յանկերգը հետեւեալն է. «Թուրքիա՛, Ատրպէյճա՛ն, դուք ըսէ՛ք, մենք ընենք…»: Իսկ եթէ հոն ազգային հպարտանք, իրաւունք եւ արժէքներ-ժառանգութիւն մատաղ կ՛երթան, որո՞ւ հոգը, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս կը պատահի ֆութպոլի մարզին մէջ:
…Եթէ ուղտին ի ծնէ ծուռ վիզը կարելի չէ շտկել, Հայաստանի մէջ շատ բան կարելի է շտկել ու վերականգնել: Ու պէտք ունի՞նք կրկնելու, որ ատիկա կ՛ըլլայ հայրենապաշտպաններու ձեռքերուն միացումով, «շիտակցնող» ամբողջական ծրագիրի մը շուրջ բոլորուելով, վիզ ծռողներուն իշխանութենէ հեռացումով եւ Հայաստան-Արցախի ու ամբողջ հայութեան բոլոր իրաւունքներու ճամբուն վերաբացումով:
9 Ապրիլ 2025