Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի ծիրին մէջ, 12 Ապրիլին ատրպէյճանցի եւ վրացի իր պաշտօնակիցներուն հետ պիտի մասնակցի «Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային համագործակցութեան մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագիրով քննարկումին, կը յայտնէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ աւելի կանուխ յայտնած էր, թէ Միրզոյեան նաեւ երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ:
Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու նպատակով 10էն 13 Ապրիլ Անթալիա կը գործուղղուի նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ, հայ-թրքական կարգաւորման հարցով Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան:
Մինչ այդ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ 10 Ապրիլին հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Այշէ Պերիս Էքինճիի հետ: Քննարկման ընթացքին անոնք անդրադարձան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ հնարաւոր համագործակցութեան նոր ուղղութիւններուն: «Կարեւոր քննարկում փոխնախարար Էքինջիի հետ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ հնարաւոր համագործակցութեան նոր ոլորտներ բացայայտելու համար: Մտքեր փոխանակուեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերի շուրջ», գրած է Կոստանեան: