
Հայաստանի եւ Իրանի զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները 9էն 10 Ապրիլ միացեալ զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնեն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումը զօրավարժութիւնները պիտի կատարէ Հայաստանի տարածքին մէջ, Իրանի ստորաբաժանումը` Իրանի:
Զօրավարժութիւնը կ՛ենթադրէ Հայաստան-Իրան պետական սահմանին վրայ տեղակայուած սահմանային անցակէտերու վրայ պայմանական ահաբեկչական խումբերու յարձակումը չէզոքացնելու գործողութիւններ:
Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի ցամաքային զօրքերու փոխհրամանատար Վալիոլլահ Մանի զօրավարժութիւններուն մասին մանրամասնութիւններ տալով՝ ըսաւ, որ անոնք խաղաղ բնոյթի են։
Ըստ «Իրնա» գործակալութեան՝ Մանի յայտնեց, որ խաղաղ զօրավարժութիւնները երկու օրերու ընթացքին պիտի կատարուին սահմանամերձ Նորդուզ շրջանին մէջ: «Երկու երկիրներու` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հայաստանի սահմանային տարածքներուն որեւէ վտանգ չկայ, եւ, համապատասխանաբար, այդ զօրավարժութիւններուն անուանումը խաղաղութիւն է», տեղեկացուց Մանի, որ նաեւ յայտարարեց, թէ զօրավարժութիւններուն հիմնական նպատակը սահմանային ապահովութեան ամրապնդումն է: «Երկու երկիրներու սահմանային տարածքները ռազմավարական նշանակութիւն ունին` նկատի ունենալով տարածաշրջանի խոցելի դիրքը: Մենք յոյս ունինք, որ խաղաղ զօրավարժութիւնները կը կատարուին սահմանուած նպատակներուն համապատասխան եւ ժամանակին», եզրակացնելով՝ ըսաւ Մանի: