Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 2007ին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ, կողմերը համաձայնած են փոխադարձութեան սկզբունքով դադրեցնել երկու երկիրներու քաղաքացիներուն նկատմամբ յայտարարուած` ԱՊՀի անդամ պետութիւններու տարածքին մէջ միջպետական հետախուզութիւնները։
«Հիմք ընդունելով նշուած պայմանաւորուածութիւնը եւ այն, որ կողմերը 2007 թուականից չեն խախտել ձեռք բերուած համաձայնութիւնը` 2024 թուականին կողմերը վերահաստատել են փոխադարձութեան սկզբունքով ԱՊՀ անդամ պետութիւնների տարածքում միջպետական հետախուզումների դադարեցման/չյայտարարման յանձնառութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։