
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած եւ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին իրականացած՝ «Արհեստավարժ ղեկավարութեան մշակում» ծրագիրին մասնակցողները ամբողջացուցին դաստիարակչական իւրայատուկ փորձաշրջան մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան շարք մը կենսական նիւթեր, որոնց շարքին էին՝ անհատական զարգացում, ղեկավարման զարգացում, ռազմավարութիւններու մշակում եւ իրագործում, կազմակերպական սահուն գործունէութեան մշակում, ինչպէս նաեւ տնտեսական յաջողութեան ապահովում։
Ծրագիր զարգացուց մասնակցողներուն ոչ միայն բարգաւաճման, այլ նաեւ՝ համագործակցելու ձիրքերը։
Իւրաքանչիւր նիւթի ներկայացումէն ետք տեղի ունեցան աշխոյժ քննարկումներ, աշխատանիստեր եւ մասնագէտներու հետ անհատական հանդիպումներ՝ լաւագոյն արդիւնքին հասնելու նպատակով։ Մասնակցողները նաեւ իրենց սորվածներով անհատական եւ խմբային աշխատանքներ իրականացուցին, ամրապնդելու համար նոր ընկալուած տեղեկութիւնները։


Ծրագիրին արձանագրած յատկանշական յաջողութիւնը կարեւոր քայլ մըն է արհեստավարժութեան կատարելագործութեան հասնելու՝ ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին որդեգրած նպատակին, ապագայ ղեկավարներուն տրամադրութեան տակ դնելով պէտք եղած գործիքները՝ բարեկարգելու համար կազմակերպական գործընթացները եւ ապահովելու տնտեսական աճ։