
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Հոլանտա, Պելճիքա) 85րդ Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ 4, 5 եւ 6 Ապրիլին, Փարիզի մէջ, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայ Դատի, «Նոր Սերունդ»ի եւ Պատանեկան միութեան ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալ ընկերներու եւ ինն կոմիտէութիւններու պատգամաւորներու:
Եռօրեայ նիստերուն ընթացքին, խորքային քննարկումներ եղան կազմակերպական, քաղաքական, երիտասարդական, Հայ Դատի, քարոզչական, ուղեկից միութիւններու, համայնքին հետ առնչութիւն ունեցող հարցերու եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ:
Շրջանային ժողովը ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կառոյցի անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին՝ իբրեւ հայրենի գործող իշխանութիւններուն քաղաքական դաւադիր վարքագիծը մերժող եւ անոր դէմ պայքարող ընդդիմադիր ուժ, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց Արցախի ազատագրութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերատիրացման գծով իր մշտանորոգ յանձնառութիւնը:
Շրջանային ժողովը երկարօրէն քննարկեց եւ համապատասխան որոշումներ տուաւ Ֆրանսայի 2026ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերու գծով, ինչպէս նաեւ ՝ 2027ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան օրակարգով:
Ժողովին աւարտին, յառաջիկայ երկու տարիներուն համար ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական կոմիտէ մը՝ հետեւեալ կազմով.
Հրաչ Վարժապետեան, Պերճ Քերթէշեան, Նուպար Վարդանեան, Անահիտ Յակոբեան, Շահէ Մատէնեան, Կարօ Խաչիկեան, Վարանդ Ոսկիանեան, Էդիկ Քոթանճեան եւ Նոնիկ Օհաննէսեան:
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը Հրաչ Վարժապետեանն է:
6 Ապրիլ 2025
Փարիզ