
Կիրակի, 30 Մարտի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Ս. պատարագ մատոյց նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ, աւուր պատշաճի քարոզեց ու մատաղօրհնէք կատարեց, ապա, յետ արարողութեան, Ս. Միւռոնով օծեց Յիսուսի հետեւորդ քառասուն մանուկները պատկերող սրբապատկերը, նուիրատուութեամբ եկեղեցւոյ ծառայողներէն Մայքըլ Տուայըրի: Ան սրբանկարը եկեղեցւոյ կը ձօնէ՝ ի յիշատակ իր հաւատացեալ ծնողներուն:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, Հրանդ քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնց շարքին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան, եկեղեցւոյ հիմնադիրներ, տեղական մարմիններու, յարակից միութիւններու անդամներ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ եւ բարերարներ:


Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, համայնքը առաջնորդին հետ ապրեցաւ հոգեպարար պահ մը: Անոր պատգամը հոգեթով էր եւ կը վերաբերէր ոչ թէ աշխարհի վրայ, այլ երկնքի՛ մէջ գանձեր դիզելու քրիստոնէական ապրելաձեւին: Բացատրելով աստուածաշնչեան այս առակը, սրբազանը աւելցուց, որ մարդ իր կեանքին մէջ հետամուտ պէտք է ըլլայ իսկական արժէքներու տիրանալու, այլ ոչ թէ անցողիկ եւ նիւթական հարստութիւն դիզելու համար վատնէ ամբողջ կեանք մը:
Իր խօսքին մէջ, նաեւ սուրբերը բերելով օրինակ՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը դիտել տուաւ, որ անոնք ապրուած կենդանի օրինակներ են, որոնք յաւիտենական կեանքը երբ գտան, իրենց աշխարհիկ կեանքը զոհեցին, որպէսզի արժանի ըլլան մնայուն, հանդերձեալ կեանքին, ապա քրիստոնէութիւնը ազգային կրօնք դաւանելու՝ հայ ժողովուրդի ապրելաձեւին ակնարկելով՝ սրբազանը ըսաւ. «Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու Հայաստանի հողին վրայ քարոզութեան օրերէն ի վեր, մեր ազգը գտած եղաւ երկնքի արքայութեան յաւիտենական գանձը եւ մինչ օրս իր ազգային-հաւաքական նոյն վարքագիծով կը շարունակէ ապրիլ՝ ի գին ամէն զոհողութեան կառչա՛ծ մնալով յաւիտենական արժէքներու»:


Յետ արարողութեան, առաջնորդը օրհնեց մատաղը եւ նախագահեց հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ կարդացուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադիր սերունդի անդամներէն առյաւէտ բաժնուածներու հոգւոցն խաղաղութեան համար, ապա իր շքախումբով ուղղուեցաւ «Ղուկասեան» սրահը, ուր հանդիսապետեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով կազմակերպուած սիրոյ սեղանին եւ իր հօտին հետ հաց կիսեց՝ աւելի եւս գեղեցկացնելով առիթը, ինչպէս նաեւ՝ նորոգ խանդավառութեամբ ու սիրով լեցնելով եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ եղողներուն սիրտերը:
Այս առիթով, Գարեգին քահանան ողջունեց սրբազան հայրը եւ իբրեւ շնորհակալութեան յիշատակ՝ անոր յանձնեց խմբանկար մը, որ վերցուած էր նոյն եկեղեցւոյ 2024ի՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ Ս. գրային ճամբարի փակման հանդիսութենէն: